Պուրճ Համուտի վերականգնման ծրագիրի ծիրին մէջ, ուրբաթ, 21 յունուար 2022-ի առաւօտեան, տեղի ունեցաւ Մարաշի շրջանի հանրային տարածքի բացման արարողութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էր Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, «Արդարութիւն եւ հաւասարութիւն» միութեան նախագահ ճարտարագէտ Մոհամետ Քատահ, «Եու.Էն.Հապիթաթ»-ի ներկայացուցիչներ Օմար Ռաէյտի եւ Սամար Ֆարհաթ, Կաթողիկէ խնամքի ծառայութեան կազմակերպութենէն` Ալեքսանտրա Ամերիքանոս եւ Մայա Ապու Տիպ, ինչպէս նաեւ` աշխատաւորներու եւ ընտանեկան պարագաներու հոծ բազմութիւն մը:
«Այս առիթով գործակցութեան եւ ճիգերու ներդաշնակութեան թախանձագին խօսքեր ստացանք` վերակերտելու եւ ներկայի դժուար պայմաններուն մէջ մարդոց տառապանքը մեղմացնելու առումով» նշուեցաւ քաղաքապետութեան ողջոյնի խօսքին մէջ:
Ծրագիրը ֆինանսաւորուած էր «Տաչ Քըրտ Էյտ» կազմակերպութեան կողմէ եւ իրականացած «Արդարութիւն եւ հաւասարութիւն բարեսիրական միութեան» կողմէ` գործակցաբար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ: Այս ծրագիրի իրագործման իրենց նպաստը բերած էին նաեւ` «Մարդկութեան համար բնակավայր» միութիւնն ու «Կաթողիկէ օժանդակութեան ծառայութեանց կազմակերպութիւն»-ը:
Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ քայլերը.
Հանրային լուսաւորութեան կարելիութիւն, ելեկտրական թելերու եւ սարքերու կազմակերպում, զետեղում եւ ծածկաւորում, շէնքերու ճակատներու վերականգնում եւ որակաւորում, հանրային անվտանգութեան, ապահովութեան սպառնացող դիւրաթեք շէնքերու վերացում ու անոնց փոխարէն հանրային կանաչապատ տարածքի ստեղծում իր մանկական խաղալիքներու սարքերով ու տարեցներու եւ անկարներու յատուկ յարմարութիւններով օժտուած: