21 նոյեմբերին` Լիբանանի Անկախութեան տօնին նախօրեակին եւ Նոր տարուան սեմին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ տօնածառի եւ Պուրճ Համուտի թաղամասերու տօնական զարդարանքներու լուսաւորում:
Նախաձեռնութեան կազմակերպիչն էր Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը: Ներկայ էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամները, Հիւսիսային Մեթնի քաղաքապետական խորհուրդներու համադաշնակցութեան նախագահ Միրնա Մըր-Ապու Շարաֆ, Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատի քաղաքապետ Անթուան Ժպարա, Զալքայի քաղաքապետ Միշել Ասաֆ Մըր, Մանսուրիէի քաղաքապետ Ուիլիըմ Խուրի, Ղազիրի քաղաքապետ Իպրահիմ Աքիքի, ապահովական կառոյցներու եւ բանակի ներկայացուցիչներ, Պուրճ Համուտի եւ շրջակայքի պատկան մարմիններ եւ ժողովուրդ:
Լիբանանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք ներկաները ողջունեց եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան խօսքը ուղղեց քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան, որ դիտել տուաւ, թէ այս տարի տօնը այլ խորհուրդ եւ իմաստ կը զգենու, որովհետեւ տօնական մթնոլորտին սփռած ուրախութեան, տօնածառին եւ լուսաւորման ընդմէջէն շողացող ցնծութեան, անարդարութիւնը, բռնատիրութիւնը եւ ժողովուրդներուն կամքը ոտնակոխ ընելու երեւոյթը վանող լոյսերուն վրայ կու գայ աւելնալու այլ դրական հանգամանք մը` նախագահական թափուր աթոռի էջը դարձնելն ու զօր. Միշել Աունը իբրեւ նախագահ ունենալը, ինչպէս նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ կառավարութիւն կազմելու ճիգերը: Այս բոլորին ի տես ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանան ընդհանրապէս եւ Պուրճ Համուտը յատկապէս ապրի լուսաւոր, գրաւիչ եւ դէպի զարգացում ընթացող փուլ մը:
Այս առիթով Ճորճ Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով նեցուկ կանգնեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան այս նախաձեռնութեան, նաեւ անոնց, որոնք ապագային պիտի օժանդակեն Պուրճ Համուտը գեղեցկացնելու եւ բարգաւաճեցնելու աշխատանքին:
Ապա ան հաստատեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը իր պարտականութիւնը ստանձնելէն ի վեր նախաձեռնած է շրջանի տարբեր հարցերու լուծման միտող քայլերու, որոնք կը վերաբերին ոստիկանութեան, երթեւեկի կանոնաւորման, ապահովութեան հսկողութեան, շինարարութեան, աղբերու կուտակումը թեթեւցնելու, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի մուտքի պատկերը բարելաւելու: Բայց եւ այնպէս, Ճորճ Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ քաղաքապետութիւնը լաւապէս կը գիտակցի, որ ասիկա պարզապէս սկիզբ մըն է` հաստատելով, որ պիտի շարունակեն աշխատանքը կարելի եղածին չափ գոհացնելու շրջանի բնակչութիւնը եւ հոգալու անոր կարիքները: Ըստ անոր, եթէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հիմնական բնաբանը` քաղաքը աւելի լաւ, աւելի գեղեցիկ եւ բարգաւաճ դարձնելն է, կան նաեւ կարեւոր մանրամասնութիւններ, որոնք կը վերաբերին շէնքերու արտաքին բարեզարդման, փողոցներու կուպրապատման, մնայուն լուսաւորման ապահովման, կառատուներու տագնապի լուծման, քաղաքապետարանի դաշտի արդի պայմաններով օժտման, պարտէզներու եւ կանաչապատ տարածքներու թիւի յաւելման եւ այլն:
Ճորճ Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ այս բոլորին զուգահեռ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը հետամուտ պիտի ըլլայ լուծելու հինէն մնացած հարցեր, որպէսզի անոնք նոր սերունդներուն ուսերուն բեռ չդառնան: Այս ծիրին մէջ ան յիշեց Պուրճ Համուտի աղբերու լեռը, որուն վերացման համար աշխատանք պիտի տարուի համապատասխան կողմերուն հետ, որպէսզի Պուրճ Համուտի ծովեզերեայ շրջանը ներկայի պատկերին հակապատկերը ունենայ: Ան նաեւ յայտնեց քաղաքապետական խորհուրդին վճռակամութիւնը` լուծելու կոյուղիներու ջուրերու հարցը այնպիսի ձեւով, որ կ՛երաշխաւորէ կենսոլորտի եւ հանրային առողջութեան պահպանումը:
Իր խօսքը եզրափակելով` Ճորճ Գրիգորեան հաստատեց, որ այս բոլորը հրաշքով չեն պատահիր, այլ ժրաջան ու հետեւողական աշխատանքով, ինչպէս նաեւ շրջանի բնակիչներուն նեցուկով եւ համագործակցութեամբ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք Նոր տարուան այս զարդարանքներու ծրագիրը իրականութեան վերածեցին:
Աւարտին քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանն ու հիւրերը վառեցին տօնածառին ու միւս զարդարանքներուն լոյսերը: