Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու ճիգերը սկիզբ առին քուէյթեան նախաձեռնութեամբ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարին ջանքերուն համար` մաղթելով, որ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները աստիճանաբար վերադառնան իրենց բնականոն վիճակին:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ իրենք Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին Լիբանան վերադարձին մասին տեղեակ չեն, «սակայն Քուէյթի դեսպանը պիտի վերադառնայ, բայց եւ այնպէս ցարդ յստակ թուական մը չէ ճշդուած այդ վերադարձին», ըսաւ ան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի Պէյրութ այցելութեան ընթացքին անոր հետ ունեցած իր հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Հապիպ հաստատեց, որ Վիեննայի մէջ համաձայնութեան մը յանգելու իմաստով անոր մօտ լաւատեսութիւն մը գոյութիւն ունէր, «ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ բանակցութիւններուն վերսկսելու եւ Իրաքի մէջ հանդիպելու տրամադրութիւն կար, սակայն ան Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ երկկողմանի յարաբերութիւններուն ոչ մէկ ակնարկութիւն կամ միջամտութիւն կատարեց», ըսաւ ան: