ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Կարելի է ըսել, որ անցնող ամիսներուն, յոռետեսութեան կողքին լաւատեսութեան նշոյլ մը երեւան եկաւ մեր երկնակամարին վրայ: Տարի մը առաջ թագաժահրի հիւանդութեան դէն պատուաստ գոյութիւն չունէր: Սակայն այսօր, ինչպէս ծանօթ է բոլորին, շատ մը երկիրներու մէջ դեղաշինութեան զանազան ընկերութիւններու գիտնականներ տքնաջան աշխատանքի լծուեցան, պետութիւններ հսկայական նիւթական ներդրումներ կատարեցին, եւ մեծ թիւով փորձարկութիւններ կատարուեցան կամաւոր անհատներու վրայ, եւ, ի վերջոյ, գտնուեցաւ «հրաշք» պատուաստը: Ներկայիս հարիւրէ աւելի պատուաստի տեսակներ պատրաստութեան մէջ են տարբեր երկիրներու մէջ:
Պատուաստին որոշ տարբերակներ արդէն որդեգրուած են շատ մը երկիրներու պետական առողջապահական մարմիններու կողմէ, եւ պատուաստումը սկսած է մէկ ամիսէ ի վեր: Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գործածուի Ամերիկեան Moderna-ի Covid-19 պատուաստը: Քանատայի պարագային, պետութիւնը ներկայիս որդեգրած է պատուաստին երկու տարբերակները` Moderna Covid 19 պատուաստը եւ Pfizer-BionTech Covid 19 պատուաստը:
Moderna պատուաստը կը տրուի 18 տարեկանէն վեր անձերու: Այս պատուաստը կը սորվեցնէ մեր բջիջներուն ինչպէս արտադրել բնասպիտ մը (protein), որ ախտամերժութիւն կը յառաջացնէ առանց կենդանի ժահրը ստանալու: Պատուաստումէ ետք մարմնին մէջ կը պատրաստուին հակամարմիններ (antibodies), որոնք կը պայքարին ապագայ վարակումի դէմ, այսինքն` մարմնէն ներս մուտք գործող ժահրին դէմ: Պատուաստումը կ՛ըլլայ երկու փուլով: Ամէն փուլի պզտիկ ասեղով մը բազուկի մկանէն կը սրսկուի 0,5 մլ հեղուկ պատուաստը: Երկու փուլերը կը կատարուին մէկ ամսուան ընթացքին: Երկրորդ փուլի պատուաստէն 14 օր ետք Moderna Covid-19 պատուաստը 94,1 տոկոսով ազդու է արգիլելու համար թագաժահրախտը, այսինքն առաւելագոյն պաշտպանութիւնը կ՛ըլլայ երկրորդ պատուաստէն 14 օր ետք: Այս պատուաստը կողմնակի մասնաւոր բարդութիւններ չի ստեղծեր, սակայն որեւէ մէկ պատուաստի նման` ան կրնայ յառաջացնել մեղմ ջերմ, ցաւ, դող, յոգնածութիւն: Հազուադէպօրէն կը պատահի մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն: Անոնք, որոնք բացայայտ մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն ունին, շատ զգուշ ըլլալու են եւ կամ պէտք չէ ստանան այս պատուաստը:
Pfizer-BioNTech Covid 19 պատուաստը կը գործածուի 16 տարեկանէն վեր անձերու: Ան հիմնականօրէն կը պարունակէ mRNA-ը, որ Ribonucleic acid-ն է: Պատուաստումը այս պարագային դարձեալ կ՛ըլլայ երկու փուլով: Ամէն փուլի կը սրսկուի 0,3 մլ հեղուկ պատուաստը` պզտիկ ասեղով մը, բազուկի մկանէն: Երկու փուլերը կը կատարուին 21 օրերու ընթացքին: Երկրորդ փուլերը շաբաթ մը ետք այս պատուաստը 95 տոկոսով ազդու է արգիլելու համար թագաժահրախտը, այսինքն առաւելագոյն պաշտպանութիւնը կ՛ըլլայ երկրորդ պատուաստէն շաբաթ մը ետք: Այս պատուաստը կը գործէ նախորդին նման:
Երկու պատուաստներն ալ ապահով են եւ վաւերացուած են Առողջապահական միջազգային կազմակերպութեան կողմէ եւ Քանատայի ու Միացեալ Նահանգներու առողջապահական մարմիններուն կողմէ: Մանուկներ եւ ընդհանրապէս յղի կիներ պէտք չէ ստանան թագաժահրախտի դէմ որեւէ տեսակի պատուաստ:
Անոնք, որոնք անցեալին վարակուած են այս հիւանդութեամբ, կրնան ստանալ պատուաստը: Իսկ անոնք, որոնք Tylenol, Motrin եւ Advil կը գործածեն, պատուաստը ստանալէ երկու օր առաջ պէտք է դադրին այս դեղերը գործածելէ, որովհետեւ անոնք արգելք կը հանդիսանան մարմնին հակամարմիններու կազմութեան մարմնին մէջ:
Վերոյիշեալ երկու պատուաստներէն անկախ, արդէն երեւան եկած են այլ պատուաստներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են` Novavax եւ Johnson and Johnson adeno-26 պատուաստները: Հոս տեղին է յիշել նաեւ, որ Չինաստան եւ Ռուսիա ունին իրենց առանձնայատուկ պատուաստները, որոնք կը կիրարկուին իրենց ժողովուրդին:
Հարկ կը զգամ անդրադառնալ թագաժահրախտի առնչութեամբ կանխազգուշական կարգ մը կարեւոր ուղեցոյցներու եւ ցուցմունքներու, որոնք կը միտին բոլորին առողջութեան եւ ապահովութեան: Այսպէս, ուրեմն`
– Հետեւիլ պետական-առողջապահական կեդրոններու ամէնօրեայ յայտարարութիւններուն, ցուցմունքներուն եւ թելադրութիւններուն:
– Զանգահարել առողջապահական յատուկ գրասենեակ, երբ ճամբորդութենէ նոր վերադարձած ենք եւ ջերմ ունինք:
– Կատարել թագաժահրախտի քննութիւնը` վարակուած անձի մը հանդիպելէ ետք: Դրական պատասխանի պարագային պէտք է մեկուսանանք 14 օր:
– Դիմակ գործածել հանրութեան մէջ,վարակուած ըլլանք կամ ոչ եւ երկու մեթր հեռաւորութիւն պահել ուրիշներէ:
– Հաւանական ախտահարուածները, որոնք ախտանշաններ չունին, հարկ է որ ինքնամեկուսանան:
– Ձեռնոցի գործածութիւնը պարտաւորիչ չէ:Նոյն ձեռնոցը մէկ անգամ գործածել:
– Ձեռնոցի գործածութիւնը օգտակար է պաշտպանուելու համար ժահրով ծածկուած կամ կասկածելի իրերէ, առարկաներէ եւ մակերեսներէ: Անոր գործածութիւնը ըլլալու է շատ ուշադրութեամբ: Ձեռնոցը գործածելէ ետք չշփել երեսը, քիթը, բերանը եւ աչքերը: Ինքնապաշտպանութեան ձեռնոցը զգուշութեամբ հանել ձեռքէն, որպէսզի թագաժահրերը չփոխադրուին մեր ձեռքին վրայ:
– Վաճառատուն մտնելու եւ ելլելու պահուն հականեխել ձեռքերը:
– Վաճառատան մէջ շատ ապրանքներու չդպչիլ:
– Վաճառատունէն տուն վերադառնալէ ետք ձեռքերը շատ լաւ լուալ:
– Հետեւիլ առողջութեան` ֆիզիքական եւ մտային մարզանք ընել, սննդարար կերակուր ուտել եւ առատ ջուր խմել:
– Կատարել սովորական եւ ընթացիկ առողջապահական միջոցառումներ`
– Կատարել ինքնամեկուսացում,
– Ձեռք չսեղմել, չհամբուրուիլ, երես-երեսի հպում չունենալ.
– Բարեւել ձեռքի եւ գլխու շարժումով կամ արմուկները իրարու դպցնելով,
– Ձեռքերը յաճախ լուալ ջուրով եւ օճառով եւ կամ շփել նուազագոյնը 60 տոկոս ալքոլ պարունակող հեղուկներով,
– Ձեռքերը աչքերուն, քիթին եւ բերանին չտանիլ,
– Հազալ եւ փռնգտալ արմուկին մէջ եւ կամ թուղթէ թաշկինակի մէջ ու թափել թաշկինակը անմիջապէս աղբամանին մէջ,
– Չմօտենալ հազացող եւ փռնգտացող անձերու,
– Օրական քնանալ 6-8 ժամ եւ ամէն օր լոգնալ տաք ջուր-օճառով,
– Հում միս չուտել,
– Ուտել բնասպիտով հարուստ եւ քիչ շաքար պարունակող կերակուր, ինչպէս նաեւ` գունաւոր պտուղներ եւ բանջարեղէններ,
– Բանջարեղէնները եւ պտուղները լաւ լուալ, ապա ձեռքերը օճառով լուալ,
– Բաւարար Տի. կենսանիւթ (vitamin D) խմել, արեւու ճառագայթէն օգտուիլ օրական 30 վայրկեան,
– Աւելորդ կենսանիւթեր չգործածել, որովհետեւ անոնք յատուկ դերակատարութիւն չունին թագաժահրէ պաշտպանուելու համար,
– Լողաւազաներու մէջ յարգել երկու մեթր հեռաւորութեան պայմանը,
– Հաւաքական լողաւազաններու մէջ առանձին բաղնիք եւ լուացարան գործածել,
– Ինքնամեկուսացումի ընթացքին ընկճուածութենէ եւ ճնշուածութենէ հեռու մնալու համար կատարել ֆիզիքական եւ մտային զանազան մարզանքներ` կարդալ, գրել, գծել, երաժշտութիւն ունկնդրել, հեռատեսիլի հետեւիլ, հարազատներու հետ հեռաձայնով խօսիլ եւ մարմնամազանքի հետեւիլ,
– Լաւատես, համբերատար, հանդարտ եւ խոհեմ ըլլալ,
– Խուճապի չմատնուիլ, դրական կեցուածք ունենալ կեանքի հանդէպ,
– Անհատապէս եւ հաւաքաբար, այս ծանրակշիռ օրերուն, ըլլալ շրջահայեաց, կատարել անհատական ինքնապաշտպանութիւն եւ հաւաքական պաշտպանութիւն` ի շահ մեր անձին եւ մեր շուրջիններուն:
***
Ըստ Միջազգային առողջապահական կազմակերպութեան 2 փետրուար 2021-ի տուեալներուն, ամբողջ աշխարհի մէջ մինչեւ օրս վարակուած են 103 միլիոն անձեր, եւ մահացած են 2.232.000 ուրիշներ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ վարակուած են 26 միլիոն եւ մահացած են 437.964 անձեր.
Քանատայի մէջ վարակուած են 778.972 եւ մահացած են 20.032 անձեր.
Ֆրանսայի մէջ վարակուած են 3 միլիոն եւ մահացած են 76.114 անձեր:
Սպանիոյ մէջ վարակուած են 2,7 միլիոն եւ մահացած են 57.806 անձեր:.
Իտալիոյ մէջ վարակուած են 2,5 միլիոն եւ մահացած են 88.845 անձեր:
Հայաստանի մէջ վարակուած են 167.231 եւ մահացած են 3089 անձեր:
Լիբանանի մէջ վարակուած են 303.072 եւ մահացած են 3142-5 անձեր:
Կը մաղթեմ լաւագոյնը ամբողջ մարդկութեան:
Մոնրէալ, 2 փետրուար 2021
(Շար. 2 եւ վերջ)