Գայիանէ Մածունեան
(Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի Լիբանանի ներկայացուցիչ եւ ծրագրերու պատասխանատու) – «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»
«ՆՅ» – Ուսուցիչներուն համար ալ նոր ասպարէզ մը կը բացուի՝ առցանց ուսուցումը։ Նաեւ տագնապի պահ մը, բոլոր անոնց համար որոնք կարելիութիւն պիտի չունենան յարմարելու, արդիական գործիքներ գործածելու։ Յատուկ մրցանակ մը յայտարարած էք նաեւ ուղղուած ուսուցիչներուն՝ դասաւանդման նոր եղանակներ հնարողներուն։ Ինչպէ՞ս են ուսուցիչներուն հակազդեցութիւնը, մասնակցութիւնը, սպասումները։
Գայիանէ Մածունեան – Պսակաձեւ ժահրին պարտադրած մեկուսացումին պատճառով, բոլորիս առօրեայ աշխատանքները ենթարկուեցան փոփոխութեան: Կրթական համակարգին համար այս մեկուսացումը եւ անկէ յառաջացած հեռավար ուսուցումի փորձառութիւնը առիթ մը եղաւ, կրթութեան ոլորտէն ներս, վերանայելու եւ վերարժեւորելու շատ մը հարցեր: Հայկական դպրոցներուն մեծ մասը, որոնք մինչ այդ կը տատամսէին արհեստագիտութեան ընձեռնած հնարաւորութիւններէն օգտուելու, իրենք զիրենք դէմ յանդիման գտան իրավիճակի մը, ուր պէտք էր շատ արագ ձեւով յարմարիլ: Մեկուսացումի առաջին իսկ օրերուն, ընկերային ցանցերուն վրայ սկսան յայտնուիլ հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն կողմէ պատրաստուած ուսուցողական նիւթեր, որոնց հանդէպ հետաքրքրութիւնը կարծէք դասարանային պարունակէն դուրս ելաւ: Ինչպէս առածը կ՚ըսէ «Չկայ չարիք՝ առանց բարիքի». պսակաձեւ ժահրը մեր կրթական փորձառութեան մէջ ունեցաւ նաեւ դրական դրսեւորում մը:
Հիմնարկութիւնը նկատեց այս շարժը եւ չէր կրնար անտարբեր մնալ սահմանափակ պայմաններու մէջ, եւ խիստ անձնական միջոցներով իրականացուած այս մեծ աշխատանքներուն նկատմամբ: Մեր իրականութեան մէջ, ուսուցիչները գնահատելու սովորութիւնը մշտական բնոյթ մը չունի: Տարին մէկ անգամ, ուսուցիչներու տօնին՝ լոզունգներ եւ հռետորական գովասանքներ կը թափին անոնց գլխուն, առանց անդրադառնալու խորքային շատ մը հարցերու: Նկատի առնելով որ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի ընդհանուր ծրագրերուն առանցքը արեւմտահայերէնի արդիականացումին ուղղուած աշխատանքներն են, ուզեցինք մենք մեր ձեւերով քաջալերել հայերէնով դասաւանդող այն ուսուցիչները, որոնք կամքէ անկախ պատճառներով իրենց ուսուցումը տեղափոխեցին առցանց հարթակներ: Մրցանակը յայտարարեցինք Ապրիլի կիսուն եւ ան շատ արագ տարածուեցաւ ընկերային ցանցերուն վրայ: Աշխարհի տարբեր երկիրներէ, հայերէնով տարբեր նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներէ դիմումներ կը ստանանք (լեզու, պատմութիւն, գիտութիւն, թուաբանութիւն, կրօն, արուեստ):
Ուսուցիչներուն հետ մեր նամակագրութիւնը դրական պատկեր մը կը սփռէ: Գրեթէ բոլոր մասնակիցներուն համար Հիմնարկութեան այս գնահատական մրցանակը կը հանդիսանայ մեծ քաջալերանք մը: Յաղթեն կամ ոչ, առիթը ստեղծուեցաւ որ մեր դպրոցներուն մէջ աշխատող ուսուցիչները (որոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կիներ են) քիչ մը աւելի համարձակ դառնան եւ առաջին հերթին գնահատեն իրենց իսկ աշխատանքը: Բնական է որ մեր ստացած նիւթերը բազմազան են ե՛ւ իրենց բովանդակութեամբ, ե՛ւ երեւոյթով: Նոյնիսկ համացանցի ստեղծած պայմաններուն մէջ կը տեսնենք դասական մտածողութեան եւ մեթոտաբանութեան հետքերը: Համեմատաբար երիտասարդ ուսուցիչները աւելի համարձակ են եւ կարծես ներկայ պայմանները իրենց համար՝ ձեռնտու: Դասարաններէն ներս արհեստագիտական սարքաւորումներ չունենալով՝ անոնք յաճախ չէին կրնար իրենց ուսուցումը զարգացնել եւ գրաւիչ դարձնել: Այսօր, անոնք ազատ են ընտրելու միջոցներ, որոնք կը բարելաւեն երախաներուն սորվելու փորձառութիւնը:
Այս առիթով նաեւ նամակներ կը ստանանք շատ ուսուցիչներէ, որոնք մեզի հետ կը կիսեն իրենց դիմագրաւած դժուարութիւնները: Անշուշտ մենք բոլոր նամակներուն կը պատասխանենք, բայց միշտ չենք կրնար օգտակար դառնալ բոլորին: Շատերու համար Հիմնարկութիւնը փրկարարի բնոյթ ունի, բայց մենք այսօր կը փափաքինք որ հայ իրականութեան մէջ (մանաւանդ Սփիւռքի) անօգնականութեան եւ ճնշուածութեան երեւոյթները վերանան եւ մարդիկ մեզ դիմեն որպէս գործակից եւ ոչ՝ փրկարար:
Պէտք է նշենք, որ այս մրցանակը քաջալերական բնոյթ ունի: Մրցանակին նպատակը մեզի դիմողներուն ջանքերը գնահատելն է, բնականաբար որոշ չափանիշերու սահմաններուն մէջ: Երկու հանգրուաններով արդէն 16 մրցանակներ տրուեցան աշխարհի տարբեր երկիրներէն մեզի դիմած ուսուցիչներու: Մրցանակին պայմանաժամը Մայիս 31-ն էր եւ յանձնախումբը տակաւին կը կատարէ երրորդ փուլին 80-է աւելի դիմումներու արժեւորումը: Դիմումները աշխարհի տարբեր կողմերէն են, ինչպէս՝ Արժանթինէն, Յունաստանէն, Ռուսաստանէն, Լիբանանէն, Թուրքիայէն, Եգիպտոսէն, ԱՄՆ-էն եւ այլ երկիրներէ: Ընդհանուր առումով ստացած ենք 101 դիմում: Նախապէս յայտարարած էինք որ 30 նպաստ պիտի տրամադրենք, սակայն պիտի փորձենք այս թիւը բարձրացնել՝ հասնելու համար աւելի մեծ թիւով ուսուցիչներու:
Նշենք նաեւ, որ այս մրցանակը նպատակ չունի ուսուցիչները դասակարգելու կամ կրթական ոլորտէն ներս անոնց ունեցած վաստակը դատելու: Բնական է որ մեզի կը դիմեն անոնք որոնք կը լսեն մրցանակին մասին եւ կ՚ուզեն: Վստահ ենք որ շատ լաւ ուսուցիչներ կան, որոնք չեն մասնակցած մրցանակին:
«ՆՅ» – Քիչ մը Լիբանանի մասին։
Գ.Մ. – Անցեալ տարուան ընթացքին մամուլի տարբեր հարթակներուն վրայ բազմիցս անդրադարձանք Լիբանանին ուղղուած մեր ռազմավարութեան մէջ տեղ գտած ծրագրերուն: Արագ յիշեցումի կարգով ըսեմ, որ ան բաղկացած է հինգ հիմնասիւներէ եւ յատուկ ծրագրեր ունի ուղղուած՝ դպրոցներուն, ուսուցիչներուն, յատուկ կրթութեան, մանկավարժութիւն ուսանող աշակերտներուն եւ նորարար մշակոյթի խթանումին: Անցեալ տարուան Հոկտեմբերէն ի վեր, Լիբանանը անգամ մը եւս յայտնուած է անորոշութեան մէջ: Ժողովրդային ցոյցերուն պատճառաւ, դպրոցները քանի մը շաբաթ փակ մնացին, մինչ վրայ հասաւ պսակաձեւ ժահրի պարտադիր մեկուսացումը: Այսօր Լիբանանը կը գտնուի բաւական ծանր տնտեսական ճգնաժամի մը մէջ, որմէ անպակաս կը մնան հայկական գաղութի հաստատութիւնները:
Դպրոցներուն համար մշակուեցաւ նպաստի ծրագիր մը, որուն դիմեցին 13 դպրոցներ, իսկ անոնցմէ վեցը անցան երկրորդ փուլ: Ելլելով երկրին տագնապալից վիճակէն, նախապէս Մայիսին նշանակուած պայմանաժամը յետաձգեցինք երկու ամսով:
Լիբանանեան համալսարանի մը հետ կը ծրագրէինք նաեւ ուսուցիչներու վերաորակաւորումի դասընթացքներ, որոնք պիտի սկսէին 2020-2021 տարեշրջանի վերամուտին, սակայն նոյն մտահոգութիւններէն ելլելով, անոնք ալ յետաձգեցինք տարի մը:
Ներկայիս, Լիբանանի ամէնէն աշխուժ ծրագիրը «Նորարար մշակոյթի ծրագիր»-ն է, որ ուղղուած է 18-35 տարեկան երիտասարդներուն, որոնք կ՚ուզեն արեւմտահայերէնով մտածուած իրենց ստեղծարար գաղափարները իրագործել: Կը շարունակենք դիմումներ ստանալ մինչեւ Յունիս 19, որմէ ետք անոնք պիտի արժեւորուին եւ զտուին երկրորդ փուլին համար: Ծրագրած ենք 5000 ԱՄՆ տոլարի արժողութեամբ հինգ մրցանակ տալ, հինգ ծրագրերու:
Այս բոլորին հետ զուգահեռ եւ անշուշտ չնախատեսուած մեր ռազմավարութեան մէջ, 2020-ին Հիմնարկութիւնը երկու անգամ օժանդակութիւն ղրկեց Լիբանան: Առաջինը՝ 170.000 ԱՄՆ տոլարի գումար մը, որ տարուան սկիզբը ղրկուեցաւ Լիբանանի 18 գործող դպրոցներուն, իսկ անցեալ շաբթուան մէջ ալ 30.000 ԱՄՆ տոլարի մարդասիրական օգնութիւն ղրկեցինք Լիբանանի մէջ ընկերային եւ բժշկական ծառայութիւններ մատուցող երեք կազմակերպութիւններու՝ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին, Հայկական կրթական բարեսիրական միութեան եւ Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան:
Ուրախ ենք նաեւ որ ուսուցիչներու առցանց դասաւանդումի մրցանակին շատերը կը մասնակցին Լիբանանէն եւ կը ստանան մրցանակներ: Անուղղակիօրէն այս մրցանակը նաեւ օգտակար կը դառնայ Լիբանանին:
«ՆՅ» – Հայերէնի առցանց ուսուցում գոյութիւն ունի՞։ Եղած գործիքակազմը գոհացուցի՞չ է, թէ՞ ամէն ինչ սկիզբէն պէտք է յղանալ։ Կը մրցակցի՞ այլ լեզուներու ուսուցողական մեթոտներուն հետ։ Կը բաւարարէ՞ այսօրուան մանուկին, պատանիին, երիտասարդին պահանջները։ Հարցումներ են որոնք բնականաբար կը գրգռեն մեր մտքերը։
Գ.Մ. – Ինչպէս դասարաններուն մէջ տեղի ունեցող, այնպէս ալ առցանց/հեռավար ուսուցումը միատարր երեւոյթ մը չէ: Սորվողներուն հետ առցանց հաղորդակցելու եւ գիտելիքներ, հմտութիւններ եւ նոյնիսկ արժէքներ փոխանցելու եւ զանոնք այս ընթացքին հետ հաղորդակից դարձնելու հնարաւորութիւնները բազմազան են, իսկ հարթակները՝ գրեթէ անսահման:
Ո՛չ միայն հայերէնի, այլեւ դպրոցական բոլոր նիւթերուն համար ալ պսակաձեւ ժահրին պարտադրած ձեւաչափերը հեռու են իսկական առցանց ուսուցում համարուելէն: Ակամայ ստեղծուեցաւ ո՛չ միայն հանրային առողջապահութեան տագնապ, այլ նաեւ՝ ուսումնական տագնապ: Հայկական վարժարանները մեծ մասամբ իրենք զիրենք գտան անյայտութեան առջեւ, իսկ հայերէնի կամ աւելի ճիշդ հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչները, ա՛լ աւելի: Բոլորս ալ կը համաձայնինք որ մեր դպրոցներէն ներս հայերէնի ուսուցիչներուն միջին տարիքը չի գտնուիր երիտասարդութեան սահմաններուն մէջ եւ անոնցմէ քիչերն են որ ստացած են մանկավարժական ուսում կամ իրենց մասնագիտութեան արդիականացումներուն հետեւելու մէջ ունին շարունակական ներդրում: Հեռավար ուսուցումի մէջ ներառուող առցանց հարթակները ճկուն են, այսինքն՝ չեն սահմանափակուիր լեզուով մը: Ուրեմն, զանոնք գործածելը աւելի շատ արհեստագիտական հմտութիւն կ՚ենթադրէ բայց անոնց համար նիւթեր պատրաստելը՝ շատ լուրջ եւ բծախնդիր մանկավարժական աշխատանք:
Պէտք է ըսել, որ առցանց ուսուցում չի նշանակեր նորարար կամ ժամանակակից ուսուցում, որովհետեւ համացանցը միայն կը ստեղծէ այլընտրանքային հարթակներ, բայց ոչ այլընտրանքային մտածողութիւն կամ մանկավարժական մօտեցումներ: Ուրեմն շատ դիւրին է աւանդական եւ արդէն ոչ արդիւնաւէտ մեթոտներուն աւելցնել աչքառու գոյներ եւ շարժումներ եւ կարծել որ անոնք կը գոհացնեն մանկավարժական ժամանակակից չափանիշերը, կամ ալ մեր աշակերտներուն սորվելու հետաքրքրութիւնը:
Հայերէնի դասաւանդումին մէջ աշխարհով մէկ տարածուած մօտեցումը շատ դիւրին է բնորոշելը: Ուսուցիչէն դէպի աշակերտ ուղղուող դասախօսութիւններ (կամ քարոզներ), լեզուի կառոյցին վրայ շեշտուած մօտեցում (քերականութեան դասաւանդումի գերակշռութիւն) եւ լեզուն ազգային պարունակէն դուրս չտեսնող բովանդակութեան փոխանցում: Այս բոլորը կը մղեն լեզուին կենսունակութեան վտանգումին եւ զայն միայն ազգային ինքնութիւնը ապահովող եւ ոչ՝ անձի ինքնաբացայայտումին ուղղուած գործիք նկատելուն:
Չկայ այսօրուան մանուկ, երէկուան մանուկ. կայ միշտ ի ծնէ հետաքրքրուած եւ իր շրջապատը բացայայտելու մղումով օժտուած մանուկ, որուն նախատրամադրութիւնները շրջապատին կողմէն կա՛մ կը քաջալերուին, կա՛մ ալ կը խեղդուին: Հայերէնի ուսուցումը բնականաբար կաշկանդուած է եւ իր հերթին կը կաշկանդէ զայն սորվողները:
Հիմնարկութեան վերջին տարիներու բազմազան նախաձեռնութիւնները կը միտին լեզուին եւ զայն սորվողներուն միջեւ գոյացած ոչ շատ բարենպաստ միջավայրը փոխելու, հայերէնը որպէս աշխարհին բացուելու լեզու որդեգրելու եւ անկէ մեկնելով ապահովելու անոր ոչ միայն պահպանումը, այլ նաեւ զարգացումը:
«ՆՅ» – Նոյն հարցումը՝ նաեւ ձեզի։ Աշխարհը արագընթաց կ՚ընթանայ դէպի թուայնացում, տեղեկատուական արհեստագիտականացում։ Այս ընթացքը կը պահաջնէ ներդրումներ։ Հայութիւնը միջոցները ունի՞ դիմագրաւելու նման մարտահրաւէր։ Ի՞նչ է ասոր յաջողութեան երաշխիքը։
Գ.Մ. – Հայերէնը, մանաւանդ արեւմտահայերէնը չունի անգլերէնին, ֆրանսերէնին կամ այլ տարածուած լեզուներուն տրամադրած որակաւոր եւ վստահելի նիւթերու առատութիւնը: Դիւրին չէ սովորական որոնում մը կատարելով գտնել նիւթին, տարիքին եւ դասին նպատակակէտերուն պատշաճող հայերէնով նիւթեր: Ուրեմն այս պայմաններուն մէջ, հայերէնի ուսուցիչը, ո՛չ միայն իր արհեստագիտական հմտութիւնները պէտք էր զարգացնէր շատ արագ ձեւով, այլ նաեւ՝ այդ հարթակներուն վրայ աշխատելու համար, իր գործին համապատասխան գործիքները պէտք էր ստեղծէր:
Հարցազրոյցը վարեց՝ Ժիրայր Չոլաքեան