ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ».- 2018 թուականի 22 Մարտի դրութեամբ արտահանուած է 24.965 թոն թարմ պտուղ-բանջարեղէն, որ նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աւելի է շուրջ 13.970 թոնով:
Պտուղ-բանջարեղէնը արտահանուած է գլխաւորաբար Ռուսիա, ինչպէս նաեւ Վրաստան, Պելոռուս, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւն, Իրաք եւ Ռումանիա: