Պրիճիթ ճոնզի մասին Հելէն Ֆիլտինկի նոր վէպին մէջ, տպագրական սխալի մը հետեւանքով յայտնուած են Սըր Տէյվիտ Ճէյսընի ինքնակենսագրականէն էջեր: Եկու գիրքերը՝ Ճէյսընի «Մայ Լայֆ» եւ Ֆիլտինկի «Պրիճիթ Ճոնզ – Մէտ Ըպաութ Տը Պոյ» լոյս տեսան միեւնոյն օրը՝ 10 Հոկտեմբերին: Բրիտանական մամուլը ծիծաղաշարժ պատմութեան վերածած է տպագրական այս գայթակղութիւնը: