Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի` 6 ապրիլին Պրիւքսելի մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կը բխին Պաքուի շահերէն: Այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Եւրոպական խորհուրդի նախագահին մասնակցութեամբ Պրիւքսելի մէջ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հանդիպումը յաւելեալ կարեւոր քայլ մըն է` ապահովելու շրջանի զարգացումը խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պայմաններու մէջ, եւ կը համապատասխանէ Պաքուի շահերուն:
«Հանդիպման հիմամբ համաձայնութիւն գոյացած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարել սկսելու խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքը` հիմնուած Պաքուի կողմէ ներկայացուած հիմնարար սկզբունքներուն վրայ», նշուած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Աղբիւրը կը յայտնէ, որ կողմերը համաձայնած են մինչեւ ապրիլի վերջը ստեղծելու պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցերով միացեալ սահմանային յանձնախումբ:
«Հանդիպումի ընթացքին Ալիեւը, Միշելը եւ Փաշինեանը շեշտած են մարդասիրական քայլերու կարեւորութիւնը` կողմերուն միջեւ խաղաղութեան եւ վստահութեան ամրապնդման գործին մէջ, ներառեալ անյայտ կորսուածներու առնչուած հարցերու լուծումը եւ ականազերծման անհրաժեշտութիւնը` նշելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պիտի աջակցի մարդասիրական ականազերծման: Ղեկավարները նաեւ նշած են երկու երկիրներուն միջեւ փոխադրամիջոցներու եւ այլ հաղորդակցութիւններու բացման կարեւորութիւնը: Հաստատուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու զարգացման», կը նշուի յայտարարութեան մէջ: