ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պրիւքսէլի մէջ, Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի աւարտէն ետք, Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը:
Նախագահ Մաքրոն եռակողմ հանդիպումէն ետք «Թուիթըր»ի վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Մենք երբեք պիտի չլքենք հայերը: Մենք մնայուն խաղաղութեան համար միշտ լուծումներ պիտի փնտռենք: Կը յորդորեմ, որ տօնական այս շրջանը դառնայ մարդասիրական յառաջընթացի եւ հաշտեցման շրջան»: