ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- «Արմէնփրէս».- Պրիւքսէլի մէջ, Չորեքշաբթի, 11 Յուլիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:
Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Մինսկի խումբի համանախագահները եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք:
Հայաստանի ներքաղաքական փոփոխութիւններէն եւ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ի վեր՝ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու առաջին հանդիպումն էր այս:
Նոյնը օրը, աւելի կանուխ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը առանձին հանդիպում ունեցած էր ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ: