Լեւոն Շառոյեան (Անթիլիաս)
Ահաւասիկ առիթ մը՝ դէմ-դիմաց նստելու վաստակաւոր դաստիարակ, պատմաբան եւ կուսակցական վաղեմի գործիչ պր. Երուանդ Փամպուքեանի հետ։
Փամպուքեան, եթէ լիբանանահայ լայն շրջանակներու համար ազգային-եկեղեցական ամէնէն փորձառու ու երկարամեայ գործիչներէն մին է, ու տարիքային իմաստով ալ՝ իսկական նահապետ մը (ծնած է 1933-ին), ինծի համար, սակայն, ան առաջին հերթին կը նոյնանայ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանին հետ։
Թող չկարծուի, թէ ան ուսուցչագործած է հոն։ Ո՛չ։ Ան, պարզապէս, հանդիսացած է մէկը այն բուռ մը շրջանաւարտներէն, որոնք 1953-ին պիտի վկայուէին Ճեմարանէն՝ իբրեւ նորահաստատ այդ կրթօճախին անդրանիկ հունձքը…։
«Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ է որ դէմ-դիմաց նստանք պր. Փամպուքեանին հետ։ Խմբագիր Շահան Գանտահարեան ազնիւ մտածումով մը այնպէս դասաւորեր էր, որ իր հիւրասենեակին մէջ քով-քովի գայինք ու մէկտեղուէինք քանի մը երեւելի դէմքերու հետ։ Հոն էին, ուրեմն, ինձմէ, պր. Փամպուքեանէն ու Գանտահարեանէն զատ, նաեւ պր. Տիգրան Ճինպաշեանը, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ Ահարոն Շխրտըմեանը։
Ու ծայր տուաւ զրոյցը…։
Քննարկումի գլխաւոր հարցն այն էր, թէ Սուրիոյ ու Լիբանանի մեր զոյգ գաղութներուն մէջ, հինէն իվեր, ի՞նչ աշխատանքներ կատարուած, կամ պատմագրական ի՞նչ հրատարակութիւններ իրագործուած էին՝ ազգային զանազան կառոյցներու ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՓՐԿԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ։ Շատ կարեւոր հարց էր ասիկա։
Ի զարմանս բոլորին, յայտնի դարձաւ որ հալէպցիք աւելի՛ նախանձախնդիր ու հետամուտ եղած էին իրենց պատմութեան գրառումին, քան լիբանանահայերը։ Զորօրինակ, սեղանի վրայ էր արդէն Սուրիոյ հայկ. դպրոցներու երկհատոր պատմագիրքը, մինչ լիբանանահայ վարժարաններու ընդհանուր պատմութիւնը տակաւին չէր գրուած։ Կար Սիւրմէեան Արտաւազդ արք.ի «Պատմութիւն Հալէպի հայոց»-ը. ամբողջական յուշամատեաններ կային շարք մը միութիւններու մասին եւս (ՍՕԽ, Կրթասիրաց, Հ.Ե.Ը., Ադամեան թատերախումբ եւ այլն)։ Հարուստ գրառումներ կային «Գեղարդ» սուրիահայ տարեգիրքի վեց հատորներուն մէջ եւս եւ այլն։ Մերինները գրած էին մինչեւ իսկ Սուրիոյ հայկական տպարաններու պատմութիւնը, մինչդեռ Լիբանանի հայկական բազմատասնեակ տպարանները բացուած, գործած ու փակուած էին՝ առանց պատմութեան յանձնելու իրենց «կենսագրութիւն»-ը…։
Ո՞վ պիտի գրէր այս բոլորը։ Մարդուժ կա՞ր։ Ատակ պատմագիրներ կայի՞ն։
*
Եղաւ այնպէս, որ պահ մը գլուխ-գլխի մնամ պր. Փամպուքեանի հետ։
Ծանօթ է, որ ան հսկայ աշխատանքի մը ձեռնամուխ եղած է շուրջ քսան տարիէ իվեր՝ պրպտելու, դասաւորելու, համակարգելու եւ ծանօթագրելու համար Դաշնակցութեան կեդրոնական արխիւները։ Բազմիցս երթուդարձ կատարած է Պոսթըն՝ քննելու համար «Հայրենիք»-ի արխիւները: Արդէն փառաւոր ու մեծղի հատորներով լոյս ընծայուած են «Նիւթեր Հ.Յ. Դաշնակցութեան պատմութեան համար» խորագրեալ 13 ժողովածուներ, որոնց վերջին ութըն՝ ի՛ր խմբագրութեամբ։ Պր. Փամպուքեան դեռ կ՛աշխատի, դեռ պատնէշի վրայ է, նոյնիսկ յառաջ տանելով կողմնակի այլ աշխատանքներ եւս (կուսակցական ղեկավար դէմքերու նամականիներ եւ այլն)։
Ան շատ հետաքրքրական յուշեր ալ ունի ինչ-ինչ անցուդարձերու մասին։ Զարմանալի չէ այս մէկը, որովհետեւ ամբողջ վաթսուն տարի գտնուած է պատասխանատու դիրքերու վրայ ու բռնած է իր ժողովուրդին բազկերակը։ Տնօրէն-դասախօս եղած է Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին, ուսուցիչ՝ Անթիլիասի Դպրեվանքին, երկարամեայ ուսուցիչ՝ Համազգայինի Ճեմարանի, տնօրէն՝ «Ազդակ»-ի…։
Օ՜, որքան բան ունէր պատմելիք 1958-ին Պելժիոյ հայ ուսանողաց միութեան կողմէ Կանտ քաղաքի համալսարանի գրադարանին մուտքին Դանիէլ Վարուժանի դիմաքանդակին զետեղման արարողութեան մասին…։
Պր. Փամպուքեան շնչող վկայարան մըն է։