Նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Պքերքէի մէջ: Հանդիպումին կը մասնակցէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան:
Կը նախատեսուէր, որ հանդիպումի աւարտին հաղորդագրութիւն մը հրապարակուէր:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքին կողմէ Արամ Ա. վեհափառին այցելութեան ընթացքին քննարկումներուն ընդմէջէն ծնած էր քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումի առաջարկ մը, որմէ ետք կը նախատեսուէր քրիստոնեայ երեսփոխանները համախմբել,հաւաքական մօտեցումներ ճշդելու եւ նախագահական ընտրութեան գործընթացը դիւրացնելու մտահոգութեամբ: