Գրախօսեց՝ ԳՐԻԳՈՐ ՇԷՆԵԱՆ
1962ին, Պէյրութի «Սփիւռք» շաբաթաթերթի խմբագրական մէկ ժողովին, մեր անմոռանալի խմբագիրը՝ Սիմոն Սիմոնեանը, Պօղոսին «Ափրիկեան Ափերու Վրայ» նոր լոյս տեսած հատորը ինծի երկարելով՝ ըսաւ. «Գրիգո՛ր, մոռցիր երգիծագիր ըլլալդ եւ թաւիշէ ձեռնոցով գրելդ, նստէ եւ Գուբելեանին նոր հատորը գրախօսէ»։
Տուն հասնելով՝ նստայ ու մէկ շունչով եւ հաճոյքով կարդացի պատանեկութեան ընկերոջս ափրիկեան կեանքէն առնուած հատորը, որ յետագային 23 գրախօսականներու պիտի արժանանար։
Այժմ, 14 հատորներու հեղինակ է Պօղոս Գուբելեանը ու իբրեւ արձակագիր՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ծանօթ անուն դարձած է ան: Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած իր այս նոր գործով, ան վիպագրութեան կողքին կը յայտնուի նաեւ որպէս պատմութեան ուսանող, շնորհիւ Եղեռնին շուրջ կատարած իր լուրջ պրպտումներուն եւ ուսումնասիրութեան: Արդարեւ, նոր հատորի առաջին քառասուն էջերը մէջբերուած են ամերիկացի միսիոնար Ճոնաթան Քերրի՝ ականատեսի վկայութիւններով յագեցած «Մարաշի Առիւծները» անգլերէն հատորէն, բծախնդիր թարգմանութեամբը նոյնինքն Գուբելեանի:
Պարզ օրինակ մը. «Նիր Իսթ Ռիլիֆ»ի կողմէ հայ տարագրեալներուն հասցէագրուած գումարները Հենրի Մորկընթաուին կը ղրկուին Օգոստոս 1914ին եւ անմիջապէս Հալէպի գաղթակայաններուն կը յատկացուին: Թալէաթ փաշա անձամբ ԱՄՆի դեսպանին կը յայտնէ գումարին հասած ըլլալը:
– Մեզի ինչո՞ւ չէք տար այդ գումարը…,- հարց կու տայ ան:
– Ո՞ր գումարը…
– Ահաւասիկ Ամերիկայէն հասած հեռագիրը, որմէ ի յայտ կու գայ, որ մեծ գումար մը ուղարկուած է հայերուն… Գիտե՞ս, որ հեռագիրներդ նախ իմ ձեռքէս կ՛անցնին… Հարցը այն է, թէ ինչո՞ւ հայերով այնքան մտահոգ էք, անոնք քրիստոնեայ են, իսկ դուք՝ հրեայ…
Հայ ընթերցողը ակամայ հարց պիտի տայ, թէ Հայ Դատի յանձնախումբերը կամ նոյնինքն մարաշցիները ցարդ ինչո՞ւ չեն հրատարակած «Մարաշի Առիւծներ»ու հայերէն թարգմանութիւնը, զոր մեր գրչեղբայրը այնքա՛ն ձեռնհասութեամբ գլուխ հանած է։
Գալով Պօղոս Գուբելեանի վէպին՝ անիկա կառուցուած է օրօրոցային տարիքէն խօսեցեալներու սիրային անպաճոյճ պատմութեան մը շուրջ. անոնք Եղեռնի եւ տարագրութեան հետեւանքով, կանուխէն կը բաժնուին իրարմէ: Այս մեթոտը սինեմայի աշխարհին մէջ ընդունուած ձեւաչափ է: Ինչպէս վերջերս ծանուցուեցաւ, ողբացեալ Գըրգ Գըրգորեանի նիւթական միջոցներով պաստառ հանուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով շարժապատկերը, «Միշըն թու Մարաշ»ի հետեւողութեամբ՝ սիրոյ պատմութեան շուրջ հիւսուած պիտի ըլլայ եւ այդ խորքին մէջ պիտի փորձէ ընդհանրացնել հայոց վիճակուած Եղեռնի արհաւիրքը։
«Առաքելութիւն Ի Մարաշ»ը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ ու յաջող վէպ մըն է, որ 177 էջերէ կը բաղկանայ՝ գրուած գեղեցիկ ոճով եւ ընթերցանութիւնը հաճելի դարձնող սահուն լեզուով: Բարեկամ հեղինակը, հաւատարիմ մնալով գրական ոճին՝ ընթերցողի գլխուն բառերու հրավառութիւն սարքելու փորձութեան դիմադրած է։
Գուբելեանին ներկայ հատորը՝ «Mission to Marash» խորագիրով, լոյս տեսած է նաեւ անգլերէն թարգմանութեամբ, որպէսզի օտարներն ու հայերէն լեզուի անգիտակ ընթերցողները եւս ծանօթանան Հայոց Ե-ղեռնին:
Հեղինակը խորհրդանշականօրէն իր այս գործը ձօնած է «բոլոր ժամանակներու ցեղասպանութեան զոհերուն»:
Խոստովանութիւն մը. երբ Պօղոսին մասին կը գրեմ, չեմ կրնար մտահան ընել անոր երէց եղբայրը, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին, երիտասարդ հասակին զոհուեցաւ: Երաժշտագէտ պատուական երիտասարդ մըն էր ողբացեալը։
Իբրեւ տարիներու խմբագիր, հայ ընթերցողին կը թելադրեմ կարդալ Պօղոսի սքանչելի այս գործը, որ իր ընտանիքին պատմութեան ընդմէջէն կը փորձէ նկարագրել եւ պարզել այն դժբախտ պատահարներն ու քաղաքական հաշիւները, որոնք Ցեղասպանութեան անմարդկային արարքը գործելու առաջնորդեցին իթթիհատական հրէշները:
Ասոնց կողքին, հեղինակը գաղթի ու տարագրութեան ճանապարհներուն իր մարաշցի ու հաճընցի նախնիներուն ապրած դժոխքն ու ոդիսականը կու տայ, իրեն յատուկ գրական անպաճոյճ ոճով ու ազդու եղանակով:
Գիրքի նախաբանէն կ՛իմանանք, թէ հեղինակը դիպաշարի ոճով գրած է իր վէպը, յետագային շարժապատկերի վերածուելու համար: Տոհմագրութեան կողքին, ան թափ տուած է երեւակայութեան եւ վտանգաւոր գործողութիւններով յագեցուցած է իւրաքանչիւր գլուխ: Օրինակ՝ ֆրանսիսքէններու որբանոցի տնօրէնուհի անոր հօրենական մեծ մայրը՝ Երուսաղէմի իրենց որբանոցը այցելող Ճեմալ փաշային առաջ կանգնելով, խրոխտօրէն կը պաշտպանէ պատուոյ համար թուրք ոստիկան մը սպաննած ու մահուան դատապարտուած մի ոմն «Ղասսապ Արթին»ի դատը եւ զայն կախաղանէ եւ ստոյգ մահէ կ՛ազատէ…
Գուբելեանի՝ Եղեռնի 100ամեակին նուիրուած այս վէպը Երեւանի մէջ արժանացած է «Արդի Արձակ 21րդ Դար» մրցանակին: