Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար, զօր. Ջալալ Յարութիւնեան նշանակուեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողական ծառայութեան պետ:
«Արմէնփրես»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Գէորգ Ալթունեան` աւելցնելով, որ այս պաշտօնը նախապէս կը վարէր Մովսէս Յակոբեան: