Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրենք Փալոն միացած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակի շնորհաւորանքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի դիմատետրեան էջը:
Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատական անդամը յայտարարած է. «Ես երբեք չեմ տեսած աւելի դիմացկուն ժողովուրդ, քան արցախցին, որ բախած է այս յարձակումին եւ իր շուրջ դրացիներու կողմէ բոլոր այդ խնդիրներուն, եւ ես պարզապէս կ՛ուզեմ, որ իմանաք, թէ մենք Քոնկրեսին մէջ կը շարունակենք աջակցիլ ձեզի:
«Մենք ջանասիրաբար կ՛աշխատինք նախագահ Պայտընի եւ անոր վարչակազմին հետ ծախսերու մասին օրինագիծերու վրայ` փորձելով ստանալ որքան կարելի է մեծ օգնութիւն Արցախի համար, ըստ կարելւոյն վերակառուցել զայն, ինչպէս նաեւ պատժել Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը իրենց յարձակումին համար:
«Բացի ատկէ, ես կ՛ուզէի, ի վերջոյ, տեսնել Արցախի` իբրեւ պետութիւն, իբրեւ երկիր, պաշտօնական ճանաչում, ներգրաւուածութիւն Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի միջեւ, ինչպէս նաեւ իսկապէս յառաջ շարժիլ խաղաղ հոլովոյթով»: