ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն»․- Ֆիլմի բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան իր առաքելութիւնը կը համարէ Արցախի մասին ֆիլմեր պատրաստելը եւ զանոնք աշխարհին ներկայացնելը. ան կը յայտնէ, թէ իր ֆիլմերով կ՛ուզէ պատժել աշխարհը:
«Վերածնուածը» վերնագիրով ֆիլմին աշխատանքները սկսած են 2018-ին։ Ֆիլմը պիտի անդրադառնար 2016-ի պատերազմին, սակայն Սեպտեմբեր 2020-ին սկսած պատերազմէն ետք բեմագրութիւնը վերամշակուած է եւ դէպքերը տեղափոխուած են 2020 թուական։
Ըստ բեմադրիչին՝ ֆիլմը հետաքրքրական պատմութիւնն է 4 հերոսներու: Ֆիլմը հիմնաւորուած է իրական փաստերու վրայ։