Գրեց Պետրոս Հաճեան
Հալէպ, «Արեւելք» Օրաթերթ, Դեկտեմբեր 1961
Լեզուական նիւթի մը մասին չի խօսուիր եւ ոչ ալ ուղղագրական կանոններու կ՚ակնարկուի այս խորագրով։ Քիչ-շատ նախակրթարան յաճախած մէկը անպայման կը ճանչնայ ստորակէտները եւ առաւել կամ նուազ չափով կ՚ըմբռնէ անոնց դերը՝ գիրի եւ գրականութեան մէջ, ուր լեզուի ձայնական կշռոյթը կը ներդաշնակուի ստորակէտներով, բառերն ու պաշտօնները կ՚անջատուին իրարմէ, ու տարբեր ենթականերու տարբեր արարքները կը սահմանագծուին յստակօրէն։
Ստորակէտները տեսակ մը իրաւարարներն են լեզուի մէջ, կարգապահութեան ու կառուցումի, իմաստի եւ իրերհասկացողութեան, կ՚արգիլեն ոտնաձգութիւններն ու անիշխանութիւնը, կը հսկեն բառերու փոխադարձ յարաբերութեան։
Ուրիշ են սակայն կեանքի սոտորակէտները…։
Եթէ կեանքը վերջակէտ մը ունի –եւ անպայման ունի– ապա ուրեմն մարդիկ ունին ապրումներ որոնք նոր տողով սկսելէ վերջ ու հասնելէ առաջ վերջակէտին, կը յորդին հոգիներէն, կը հասուննան մտքերու մէջ ու համայնական պտղաբերումով կը յօրինեն կեանքի սքանչելի բանահիւսութիւնը՝ տրտմութեան խառնելով ստեղծագործ դժգոհութիւնը ու յուսաբեկութեան զուգորդելով ոգեւորութեան յետաշրջող ցնցումը։
Բայց, եթէ մարդիկ ապրումներ ունին, այսպէս գեղեցիկ ու այսպէս կարկաչուն հեւքով, ապա ուրեմն կեանքը ունի ստորակէտներ՝ որոնք կը հանդիպին իւրաքանչիւր քայլափոխին ու վարանքի եւ դանդաղումի սարսուռ կուտան քայլերուն, կը խրուին երգի կամ բերքի վերածուելիք իւրաքանչիւր ապրումի մէջքին ու խարխափում կը պատճառեն հոգիի վերացական սահանքին։ Կը պղտորեն բիւրեղացումի գացող զգացումներ ու կը խաթարեն բանաստեղծականութիւնը բոլոր գեղեցկագոյն յուզումներուն, հիացումներուն, երազ պարունակող տագնապներուն եւ յոյս որոնող տառապանքներուն։
Կեանքին ստորակէտները։ Ասոնք կ՚ընեն այնպէս, ինչպէս կարկուտը կը զարնէ խնձորենիներուն, կամ ինչպէս հովը՝ հեռուէն եկող երաժշտութիւնը կը դարձնէ բեկբեկուն։
Հոգիներու պատմութիւնն է ասիկա ու կեանքի ստորակէտներուն տրտում տողանգքը։ Որքան անոնք շինարար են ու հարբիչ գիրի ու գրականութեան մէջ, նոյնքան սակայն խափանարար են ու քանդիչ ապրումներու շարահիւսութեան մէջ։ Կեանքին ստորակէտները, որոնք կ՚իջնեն ամէն խանդավառութեան ետին ու կպած կը մնան ամէն սլացքի թեւերուն։ Ու ամէն վերանորոգիչ շարժումին առջեւ։
Կեանքի շարադրութիւնն է ասիկա։
Ճառագայթներ կան անոր մէջ ու մթութիւններ։ Շլացումներ ու հիասթափումներ։ Խանդավառութիւններ կան, որոնք ցորենի արտերուն նման պէտք է հասնին կենսառու դեղնութեան։ Տառապանքներ՝ որոնք ծովու ալիքներուն նման պէտք է դուրս նետեն հոգիէն բոլոր աղտեղութիւնները, ընկրկումներն ու հիւանդագին մտորումները։
Հոգիի թաքուն ծալքերուն մէջ խլրտող ապրումներ կան, որոնք պէտք է ճեղքեն հոգին կաշկանդող վհատութեան շերտերը ու բարձրանան արեւուն տակ կամ անձրեւոտ օրերուն, ինչպէս կ՚ընեն ծաղիկները գարնան առաջին անձրեւին։
Դժգոհութիւններ կան, որոնք պէտք է պայթին կեանքի տգեղութիւններուն դէմ, ծուռ ապրումներո եւ փայտացած բարքերու դէմ, ինչպէս ամպերը իրարու կը զարնուին։
Բարձրունքներ, որոնք պէտք է յաղթահարուին ու կեղծ գեղեցկութիւններ՝ զորս արմատախիլ ընելու համար անհրաժեշտ է յանդըգնութիւն, հոգիի ու մկաններու սպառում։
Այս բոլորը իրարմէ անջատող կան ստորակէտները սակայն, որոնք սէրը կը հեռացնեն համերաշխութենէն։ Խաղաղութիւնը անմատչելի կ՚ընեն ամէն կողմէն շեփորուող ցանկութիւններուն։ Ձգտումը կը զատեն կատարելագործութենէն, ու երազները կը քակեն իրագործումէն։ Խաչաձեւում կայ ճամբաներու մէջ, համոզումներու եւ պահանջքներու մէջ։ Շփոթ եւ այլամերժութիւն կայ մտքերու մէջ ու կտրուած համրիչի պէս տարտղնուած են զգացումները, սէրերը, համակրանքները եւ տուայտանքները։ Մարդիկ զատուած են ստորակէտներով։
Կաղանդ է։
Մարդիկ կը սպասեն կաղանդին, որովհետեւ յոգնած են մտածելէն կամ որովհետեւ այսօր պարտաւոր են ուրախ երեւիլ։ Ո՞վ սակայն կը հաւատայ կաղանդին, բայց ո՞վ քանի մը շնորհաւորական քարտ չի ստանար բարեկամներէն, չի ժպտիր, չի փարիր կեանքին, որուն համար մարդ կը սիրէ տրտմիլ երբեմն, կը նախընտրէ պարտուիլ շատ անգամ, կ՚ուզէ խաբուիլ նոյնիսկ եւ օրօրուիլ հնարովի պատրանքներով։ Խաբուիլը հեշտանք է մարդոց համար, որովհետեւ դժգոհ են իրականութենէն։ Անոր համար խանդ չունեցողները կը կեղծեն զայն եւ ուրախութիւն ունեցողները կ՚աշխատին ցուցադրել զայն։
Եթէ կաղանդը ժամանակաւոր վերջակէտն է կեանքի մէկ էջին, ուրեմն մեր առջեւ կայ սպիտակ էջ մը եւ ետեւը ձգած ենք լեծուած երես մը։ Ո՛վ որ սիրտ ունի, թող նայի լեցուած էջին։ Տագնապներ կան հոն, յուսաբեկումներ եւ տաք ու պաղ օրերու վերիվայրումներ։
Պարտաւոր ե՛նք նայիլ սակայն, որովհետեւ սպիտակ էջ մը կայ ու նոր տարի մը պիտի լեցնենք հին ու նոր ապրումներով, յոյսերով, աներկբայութեամբ։
Ջնջենք ուրեմն ստորակէտները…
Ջնջենք, եթէ կան, որպէսզի խօսելու, երգելու, քալելու եւ վիճելու մեր բոլոր եղանակներուն մէջ ու անոնց սրբութեան եւ մաքրութեան նկատմամբ՝ ընկրկումն ու դասալքութիւնը չկարենան գրուիլ էջերուն մէջ, ինչպէս չէ եղած ու չեղաւ երբեքխ Մինչեւ վերջակէտ։