Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ կարելի չէ յարաբերութիւն մշակել Միացեալ Նահանգներու հետ, որ կ՛արգիլէ լիբանանեան բանակին զինումը եւ կը փափաքի սովի ենթարկել լիբանանցիները, շրջափակել զանոնք եւ անոնց վրայ պատժամիջոցներ պարտադրել:
Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ տագնապը բարդ է, որովհետեւ այսօրուան դրութեամբ լիբանանցիներուն դէմ օգտագործուած զէնքը դրամի, դրամատուներու, լիբանանեան դրամանիշին ու ամերիկեան տոլարին միջեւ արժէքի խախտումն է, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ապրուստի վերաբերող ճնշումները:
«Մենք կրնանք անօթի մնալ, սակայն մեր արժանապատուութիւնը չենք ծախեր: Մենք կը պատկանինք այն դպրոցին, ուր կը սորվին պատուով ապրիլ ու գոյատեւել: Ո՛չ մէկուն կ՛արտօնենք, որ մեր օրուան հացով մեզի շանթաժի ենթարկէ եւ ազգային մեր որոշումին վրայ ճնշում բանեցնէ», ըսաւ ան:
Ռաատ ընդգծեց, որ իրենք կ՛ուզեն համբերել, հանդուրժել եւ համագործակցիլ, որպէսզի կարենան արժանապատուութեամբ եւ ճակատաբաց ապրիլ: «Տնտեսական գետնի վրայ թշնամիին պիտի չյանձնենք ա՛յն, ինչ որ ան երկու պատերազմներու ընթացքին մեզմէ չկրցաւ առնել, երբ կը վայելէր ամբողջ աշխարհին զօրակցութիւնը», շեշտեց Ռաատ:
Ան նշեց, որ ոչ ոք թող Դիմադրութեան հետ վարուի այնպէս մը, որ ան նուազ հայրենասէր է, քան ուրիշներ: «Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը կարելի է լուծել միայն ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեամբ` Թաէֆի համաձայնագիրին համաձայն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հըզպալլա յանձնառու է, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը ներկայացուին նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ: