Արտակարգ նիստ մը գումարելով, Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութիւնը յայտարարեց ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք:
« Սիրելի հայրենակիցներ, հիմա կառավարութեան որոշումով Հայաստանի հանրապետութեան մէջ յայտարարուեցաւ ռազմական դրութիւն եւ ընդհանուր զօրահաւաք: Որոշումը ուժի մէջ կը մտէ հրապարակուելէ անմիջապէս ետք:
Կոչ կ’ընեմ զօրքերուն մէջ ցանկագրուած անհատներուն ներկայանալու տարածքային զինուորական խորհուրդի կեդրոները:
Յանուն հայրենիքի, յանուն յաղթանակի». յայտարարեց Փաշինեան:
Թրքական խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլան Թուրքիոյ կոչ ուղղեց դադրիլ կրակի վրայ պենզին լեցնող երկիր ըլլալէ: « Ղարաբաղի մէջ կ’ընթանան լայնածաւալ բախումներ հայ –ազերիական զօրքերու միջեւ: Մեր երկիրը (Թուրքիա) պէտք է դադրի կրակի վրայ պենզին լեցնող երկիր ըլլալէ: Այս պատերազմը պիտի չունենայ յաղթող: Մեր վրայ վերցնենք կրակը դադրեցնելու պատասխանատուութիւնը». յայտարարեց Փայլան: