ՀՀ ժողովրդական արուեստագիտուհի, սիրուած երգչուհի Ռայիսա Մկրտչեան 18 Նոյեմբերին, Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ պիտի նշր իր յոբելեանը։
70-ամեայ երգչուհին իր հանդիսականներուն պիտի մեկնաբանէ հին ու նոր բազմաթիւ երգեր, որոնք հիացուցած եւ կրթած են քանի մը սերունդներ։
Ռայիսա Մկրտչեանի նուիրուած յոբելենական համերգին պիտի մասնակցին սիրուած երգիչ-երգչուհիներ՝ Ռուբէն Մատթէոսեանը, Լէյլա Սարիբեկեանը, Արամօն, Մհերը, Արեւիկ մանկական համոյթը, Սոֆի Տեւոյեանի Հոգու եւ Պարի թատրոնը։
Նշենք թէ անցնող 23 Յուլիսին, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը Ոսկէ Յուշամետալ՝ բարձրագոյն մետալով պարգեւատրեց ժողովրդական արուեստագիտուհի Ռայիսա Մկրտչեանը։