Դուք ծնած էք Հալէպ, խնդրեմ պատմեցէք ձեր արմատներու, ուսման եւ մասնագիտութեան մասին:
Արմատներով՝ Այնթապէն ենք, մայրս՝ Ազատուհի Գուրումլեան Դամասկոսցի, հայրս՝ Խաչիկ Քէչէճեան,Հալէպցի, երկուքն ալ արուեստագէտներ: Մայրս՝ փրոֆէսիոնալ մանտոլին նուագող, իսկ հայրս՝ երգիչ եւ ուտ նուագող:
Ունիմ երեք քոյր՝ բժշկուհիներ՝ Երանուհի, Մելինէ եւ Անահիտ, ինչպէս նաեւ եղբայր մը՝ Կարպիս: Քոյրս Երանուհին՝ եղած է հօրս ձայնի ժառանգորդը՝ ըլլալով հանրածանօթ երգչուհի, ինչպէս նաեւ Մելինէն:
Նախակրթարանի ուսումս ստացած եմ Հալէպի Կիլիկիան վարժարանէն մինչեւ 10-րդ դասարան, իսկ անկէ ետք յաճախեցի արաբական դպրոց: Հօրս հետ, ես ու եղբայրս եղած ու աշխատած ենք ոսկերիչ:
Մանկութեանս օրերէն արդէն իսկ սկսած եմ պարել: Ծնողքիս քաջալերանքով եւ հազիւ 2 տարեկան, անպայմանօրէն հիւրերուն դիմաց պիտի պարէի: Նոյնիսկ առանձնանալով սենեակի մէջ, հայելիին դիմաց կը պարէի: Ընդհանրապէս մեր շրջապատը միշտ կ’ըսէր.- թէ այս տղուն աչքը «չափախ» մը կայ՝ այն իմաստով թէ ապագային, ան հռչակ, համբաւ ու շատ նշանաւոր անձ մը պիտի ըլլայ:
Երբ նախակրթարան էի, իւրաքանչիւր գեղարուեստական յայտագրի մէջ անպայմանօրէն ընդգրկուած պարողն էի:
Կնոջս՝ Սիլվային հանդիպեցայ, երբ ես պարի դաս կը դասաւանդէի Մխիթարեան վարժարանէն ներս եւ ամուսնութիւնս կնքուեցաւ 1983 թուականին Հալէպի մէջ: Ունիմ եմ 2 զաւակ՝ Նարինէ և Խաչիկ Քէչէճեաններ, որոնք ուսանած են BALLET Դամասկոս (معهد العالي للفنون المسرحي قسم الرقص التعبيري )
Երբ սկսաւ Պարուսոյց դառնալու երազն ու ասպարէզը:
Պարուսոյցի ասպարէզը սկսայ երբ 9-րդ դասարան էի, եւ միեւնոյն ատեն 12 երկար տարիներ դասաւանդեցի, որպէս պարուսոյց Հալէպի Կիլիկեան վարժարան, ինչպէս նաեւ Մխիթարեանի ամավերջի հանդէսներուն, որուն ընթացքին տիկինս՝ երգչուհի Սիլվա Քէչէճեան եղած էր իմ աշակերտուհիս:
Պատահեցաւ որ, նոյնիսկ իմ զինուորական ծառայութեանս ընթացքին, կ՛ուղղուէի դէպի Հալէպ, պատրաստելու համար հանդէսներ:
Ո՞վ էր ձեր պարուսոյցը:
Իմ պարուսոյցս եղած է Աբրահամ Կոստանեանը, մեր հետ աշխատելով անոր վարպետը՝ Ազատ Ղարիպեան: 1983էն մինչեւ 1995 թուականներ, ես ու տիկինս՝ Սիլվան՝ պարեցինք «Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան» Ազատ Ղարիպեան պարախումբին մէջ, որպէս մենապարողներ: Ճամբորդեցինք տարբեր եւրոպական երկիրներ, հասնելով մինչեւ Հայաստանի բոլոր քաղաքները, ունենալով յաղթական ու պանծալի ելոյթներ, մաս կազմելով Ազատ Ղարիպեանի «ԿՌՈՒՆԿ» պարախումբին մէջ: Հայաստանի պարարուեստի ուսումնարանին մէջ պատրասրտեցինք մեր ծրագիրը: Յաջողութեանս պատճառով եւ ժողովուրդի քաջալերանքով ես դարձայ պարուսոյց:
Խօսինք պարախումբ հիմնելու ձեր սկզբնական քայլերու մասին:
Երբ Նոր Սերունդի պարախումբը դադրեցաւ, հոգւոյս մէջ մնաց պարի սէրը: Ու այս պատճառով անձնական պարի կեդրոններուն մէջ սկսայ դասաւանդել պարի դասեր: Երկու տարիներու ընթացքին, իմ ղեկավարութեամբս պատրաստեցի երգի ու պարի փառատօներ՝ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան: Սակայն մէջս այն իղձը կար, որ ես հիմնեմ իմ անձնական պարախումս: Իրականանալով իմ փափաքս, կազմեցի անձնական պարախումբս՝ անուն ունենալով «JIRO DANCE GROUP» (ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ), որ Սուրիոյ մէջ եղած էր առաջին անձնական պարախումբը:
Ընդհանրապէս միութիւնները համաձայն չէին գտնուած անձնական խումբ կազմելու նախաձեռնութեանս, որովհետեւ իրենց կարծիքով, հայերը միշտ պէտք է միութենական խումբերու մէջ պարեն: Բայց եւ այնպէս, իմ խումբիս բարձր մակարդակը, պատշաճութիւնն ու զարգացած անդամները, մղեց իմ խումբս ըլլայ Սուրիոյ մէջ առաջին Հայկական Պարախումբը իր բարձր յաջողութեամբ, եւ այս իմաստով, միշտ բարձր պահեց իր անունը Սուրիահայերու նկատմամբ՝ ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ:
Սկզբնական շրջանին կեցուածք որդեգրած էին, բայց ժամանակի ընթացքին մատուցուած գեղարուեստական ճաշակին եւ նուրբ արուեստին ծանօթանալէ ետք ընկալեցին եւ ընդունեցին:
Միութիւններ, եկեղեցիներ, ակումբներ ու դպրոցներ, հակառակ անոր, որ ունենալով իրենց անձնական կազմաւորուած պարախումբեր, մենք՝ իբրեւ ԺԻՐԱՅՐ Պարախումբ՝ առանց ոեւէ նիւթական ակնկալութեան, կը պարէինք:
Պարախումբի փորձերը կը կատարէինք մեր տան տանիքը՝ փոքր լոյսի մը տակ: 1996-ին, կնոջս՝ Սիլվային երգին վրայ պար մը ընելով Սուրիական երգի փառատօնին, Հալէպի մէջ «Եաա Շաղըլնի» րումպա, համբաւ առի, եւ անկէ ետք, Հայ Կաթողիկէի համայնքը սրահ մը տրամադրեց մեր խումբին՝ կատարելու համար պարի փորձերը: Հայ Կաթողիկէ համայնքին կեցուածքը գօտեպնդիչ էր Ժիրայր Պարախումբի նկատմամբ: Պարախումբին հիմնադիրները եղած են աղջիկս՝ Նարինէ Քէչէճեան, Մարալ Զաքարեան եւ Նայիրի Գուզույեան եւ ուրիշներ….
խօսինք Հալէպի մէջ ձեր հիմնած պարախումբի մասին խօսինք, որ թուականին էր պաշտօնապէս պարախումբը կոչեցիք ձեր անունով, եւ ինչպէս զարգացաւ պարախումբի ստեղծագործական ելոյթները:
Պարախումբս կոչուեցաւ իմ անձիս անունին՝ ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ (JIRO DANCE GROUP) 1996-ին: Առաջին ելոյթս տեղի ունեցաւ Կրթասիրած սրահին մէջ՝ Հալէպ: Որմէ ետք, Արաբական կառավարական թատրոններու մէջ ստանձնեցի պարուսոյցի պաշտօն, ինչպէս նաեւ, որպէս դերասան երկար տարիներ:
Հասարակական փառատօներ կատարած ենք՝ տարբեր առիթներու: Տարբեր կազմակերպութիւններու կողմէ պարգեւատրուած եմ վահաններու եւ վկայագիրներու:
Խօսինք ձեր Այնճար Լիբանան հաստատուելու եւ ձեր արուեստի յաջողութեան ճանապարհի մասին … ուր կը պաշտօնավարէք ներկայիս
Տունս՝ Այնճար, կրնամ անուանել նաեւ Փոքրիկ Հայաստան, եւ ներկայիս կը դասաւանդեմ պարի դասեր՝ Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական վարժարանի առաջին կարգէն մինչեւ աւարտական դասարաններ: Իսկ «Աֆհիլ» հաստատութեանը մէջ նաեւ կը դասաւանդեմ Ballet-ի դասեր, 4 տարեկանէն մինչեւ 20 տարեկան պատանիներու:
Այժմ կը ղեկավարեմ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի պարախումբը:
Ինչ յիշատակներ կը փայփայէք յատկապէս Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն Դամասկոսի մէջ ձեր հիմնադրած պարախումբի ելոյթներուն հետ :
2017 թուականին, գացի Դամասկոս՝ պարգեւատրեցին զիս մեծ վկայագիրով մը OPERAի մէջ, որ շատ մեծ ուրախութիւն էր ինծի համար: Ուրախութեամբ նաեւ նշեմ, որ մինչեւ օրս, բոլոր գործերս եւ յատկապէս պատերազմի տարիներուն, պարած ենք այնպիսի պարեր, որոնք արդէն իսկ կը ցուցադրուէին եւ կը շարունակուին ցուցադրուիլ հեռուստացոյցէն:
Նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի զանազան հրաւէրներով, իր անձնական հիւրերուն առջեւ կը ներկայացնէինք մեր յայտագիրը, եւ նախագահը միշտ կը հպարտանար JIRAYR պարախումբով:
Այնքան մեծ էր մեր հռչակը, որ նոյնիսկ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարուած էին եւ կամ դէմ յանդիման չէինք գտնուած:
Ինչ ցանկութիւն ունիք այսօր, երբ արդէն ձեռք բերած էք ձեր անունին հետ կապուած համբաւը:
Ամէն արուեստագէտ իղձ մը իր մէջ ունենալով կը ցանկայ, որպէսզի իր Հայրենիքին մէջ ունենայ տարբեր ելոյթներ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզ՝ եւ սիրելի ՌԱՏԻՕ ԱՅԳ առցանց կայանին, որ մեծ նուիրումով կը գործէ, նաեւ շնորհակալ եմ ա՛յս առիթին, որպէսզի արտայայտեմ իմ արուեստի ճանապարհի կենսագրականս:
Յաջողութիւն արուեստագէտ պարուսոյց Ժիրօ Քէչէճեան:
Հարցազրոյցը վարեց՝ Շաքէ Մանկասարեան Ռատիօ ԱՅԳ
Յունուար 2020