ԵՐԵՒԱՆ.- Աշխատանքային այցով Պէյրութ գտնուած Ռաֆֆի Տուտագլեան, անցեալ Երկուշաբթի, 26 Փետրուարին, Պուրճ Համուտի մէջ, «Շաղզոյեան» կեդրոնի հարեւանութեան, անծանօթ երկու անձերու կողմէ անարգ յարձակումի ենթարկուած է:
Հրապարակագիր, «Թիւֆէնքեան» բարեգործական կազմակերպութեան Հայաստանի եւ Արցախի գործերու տնօրէն Տուտագլեանի քիթը ջարդուած ու աչքը վնասուած է: Յարձակողները փախուստ տուած են դէպքի վայրէն: Ռաֆֆիին հետ կը գտնուէր կազմակերպութեան Արցախի գործերու վարիչը:
Հարցումին, թէ արդեօք այդ դէպքը կը կապէ՞ իր հրապարակախօսութեան հետ՝ Ռաֆֆին «Հետք»ի թղթակիցին պատասխանած է. «Չեմ գիտեր, ես իմ յօդուածներուն մէջ ամէն տեսակի հարցերու կ՛անդրադառնամ: Իմ գրութիւններս եթէ նեղացուցած են մարդիկ, հարցեր յառաջացուցած են՝ անկեղծօրէն չեմ գիտեր, բայց կ՛ենթադրեմ, որ իմ գրութիւններուս հետ կապուա՛ծ է»: