Սկովտիական Ռէյնճըրզ ակումբի ղեկավարութիւնը պաշտօնէն հեռացուց խումբին գլխաւոր մարզիչ Ճիովանի Վան Պրոքհորսթը: Հոլանտացի Պրոքհըրսթ անցեալ նոյեմբերին ստանձած էր սկովտիական ակումբին մարզիչի պարտականութիւնը, փոխարինելով Սթիվըն Ճերարտը: Այդ կարճ ժամանակամիջոցին Ռէյնճըրզ շահեցաւ Սկովտիոյ բաժակը եւ հասաւ Եուրոփա Լիկ- ի աւարտականին:
Ակումբին ղեկավարութիւնը աւելի փայլուն արդիւնքներ կ՛ակնկալէր Վան Պրոքհորսթէն: Ընթացիկ տարուան Չեմփիընզ Լիկ -ի եւ Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մէջ Ռէյնճըրզի անգոհացուցիչ արդիւնքները պատճառ դարձան, որ այլ մարզիչ մը փոխարինէ Վան Պրոքհորսթը:
Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը ներկայիս կը գլխաւորէ Ռէյնճըրզի ոխերիմ մրցակից Սելթիքը:Վերջինս ինը կէտերու առաւելութիւն մը կը վայելէ Ռէյնճըրզի նկատմամբ: