Սէուտական պատկան իշխանութիւններ հերքեցին, թէ Ֆրանսայի մէջ Խաշոքճիի սպանութեան հարցով ձերբակալուած անձը մեղսակից է այդ դէպքին, եւ պահանջեցին անմիջապէս ազատ արձակել արգելափակեալը: Նշենք, որ ֆրանսական աղբիւրներ երէկ յայտնեցին, թէ սէուտցի լրագրող Խաշոքճիի սպանութեան հարցով ձերբակալած են Խալետ Ութէյպի անունով սէուտցի կասկածելի մը: