ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Եգիպտոս այցելող Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մուհամմատ պըն Սալման Չորեքշաբթի, 7 Մարտին յայտարարեց, թէ Թուրքիա, Իրան եւ իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումները վերածուած են «սատանայական եռանկիւն»ի մը՝ զանոնք «չարիքի առանցք» համարելով:
Ան նաեւ Թուրքիան ամբաստանեց Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնել ջանալու յանցանքով, ինչպէս նաեւ ազդարարեց, թէ Քաթարի հետ իր երկրին հակամարտութիւնը կրնայ երկար տարիներ տեւել՝ զայն համեմատելով Միացեալ Նահանգներ-Քուպա հակամարտութեան հետ։