Միջին Արեւելքի ամենակարեւոր հարցադրումներէն մէկը այս օրերուն, Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռոհանիի ունենալիք ազդեցութիւնն է, շրջանային եւ միջազգային փոխյարաբերութիւններուն վրայ: Հարցումին պատասխանը վճռորոշ պիտի ըլլայ՝ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի եւ խաղաղութեան ընտրանքներուն առջեւ: Նախքան Ռոհանիի վարելիք քաղաքականութեան մասին կանխատեսումները, անհրաժեշտ է փոքր փակագիծ մը բանալ. Ինչո՞ւ յատկապէս վերջին ութ տարիներուն ընթացքին, Ուաշինկթըն- Թեհրան փոխյարաբերութիւններուն մէջ շեշտակի այս մագլցումը:
Ընթերցողները հաւանաբար դիւրին պիտի չընկալեն այս հարցումին նպատակը: Պարզենք: Իրանի նախկին նախագահ Մուհամմէտ Ալի Խաթեմի (1997-2005), գահակալութեան ութ տարիներուն ընթացքին, Արեւմուտքի եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու հետ, երկխօսութիւնը ընտրած էր իր հիմնական կարգախօսը: Երկխօսութեան մշակոյթի ապաւինելու անոր կոչերը մնացին ապարդիւն: Կրտսեր Ճորճ Պուշ՝ նոր Միջին Արեւելք ստեղծելու ցնորային կարգախօսներէն մղուած, անտեսեց Իրանի ղեկավարութեան կոչերը: Իրանի չափաւորական ղեկավարներուն պատասխանը եկաւ 2005-ի նախագահական ընտրութիւններուն՝ Մահմուտ Ահմետինեճատի ճանապարհով …: Անցնող ութ տարիներու խոտանին պատասխանատուութիւնը մեծամասնութեամբ կ’իյնայ Ուաշինթընի եւ անոր կամակատար Բրիտանիոյ վարչապետ Թոնի Պլէրի ուսերուն վրայ:
Այսօր, երբ արեւմտեան աղբիւրներ հետեւութիւններ կը հիւսեն Ռոհանիի ընտրական յաղթանակին առնչութեամբ, առաջին հերթին ինքնահարցադրում մը բարի ըլլան կատարելու, թէ որքանո՞վ անկեղծ են Իրանի հետ երկխօսութեան իրենց ցանկութիւններուն մէջ: Հասան Ռոհանի յստակօրէն բնորոշեց՝ իր ընտրութիւնը յառաջդիմութեան, զգուշաւորութեան եւ յանձնառութեան յաղթանակն էր ծայրայեղականութեան եւ «անհաշուենկատ վերաբերմունքներու» դէմ:
Իրանի նորընտիր նախագահը ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ կը դիմագրաւէ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներ: Իրանի տնտեսութեան վերականգնումը պիտի ըլլայ նորընտիր նախագահին առանցքային մտահոգութիւնը: Ազգային դրամանիշը արձանագրած է յիսուն առ հարիւրի արժեզրկում մը: Երկիր, որուն քուէարկողներուն յիսուն առ հարիւրին տարիքը 35-էն փոքր է, անոր աշխատուժին իւրաքանչիւր չորսէն մէկը կը մնայ գործազուրկ: Գործազրկութեան ցուցանիշը հատած է 13 առ հարիւրի սահմանը, երիտասարդութեան պարագային՝ 27 առ հարիւր:
Կեդրոնական Դրամատան տուեալներով՝ դրամայորդումը քառասուն երկու առ հարիւրի հասած է անցնող գարնան: Դրամայորդումը, օտար դրամանիշերով առեւտրական եւ արհեստագիտական նուազող ներդրումները, ներքին ճարտարարուեստի մարզին սրընթաց վայրէջքը, տնտեսական պատժամիջոցները, ուղեղներու արտահոսքը, արհեստավարժ մօտեցումի բացակայութիւնը, ահազանգային կացութեան մատնած են Իրանի տնտեսութիւնը: Ժողովուրդին մօտ նուազած գնողական ուժի կարողականութիւնը
Իրանի տնտեսութեան բազկերակը նաւթն է: Սակայն, 2012-էն ի վեր, հում նաւթի արտածումները քառասուն առ հարիւրի տեղքայլ մը արձանագրած են, համաշխարհային շուկաներու վրայ: Համաշխարհային Դրամատունը Յուլիսին յայտարարեց, թէ Թեհրան թերացած էր վճարելու վերջին վեց ամիսներու՝ 79 միլիոն տոլար գնահատուող իր պարտաւորութիւնը (Համաշխարհային Դրամատան ունեցած պարտքը հասցնելով՝ 679 միլիոն տոլարի): Երկրին տնտեսական աճը ժխտական ցուցանիշներ կը ներկայացնէ վերջին երկու տարիներուն: Վերոյիշեալ տուեալները ինքնաբերաբար ենթադրել կու տան, թէ յետ այսու Իրանի համար դժուար պիտի ըլլայ գտնել տնտեսական փոխառութեանց հասցէներ, վարկ տրամադրողներ:
Նախագահ Հասան Ռոհանի յայտարարեց,թէ Իրանը անհրաժեշտ է հեռացնել ծայրայեղականութենէն եւ հետամուտ դառնալ երկրին ազգային շահերուն: Ռոհանիի կարծիքով, Իրանի տնտեսական գահավէժը սխալ ղեկավարման եւ պետական կառոյցներու հանդէպ վստահութեան բացակայութեան հետեւանք է: Ռոհանի միաժամանակ քաջատեղեակ է միջազգային պատժամիջոցներուն հետեւանքներէն: Ճիշդ այս պատճառով, նորընտիր նախագահը խոստացաւ ջնջել Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները, յաւելեալ իրաւասութիւններ շնորհել Կեդրոնական Դրամատան, վերակենդանցնել իր նախորդին կողմէ լուծարքի ենթարկուած ծրագրաւորման եւ բարգաւաճման կառոյցները: Ռոհանի ստեղծած է տնտեսագէտներու յանձնախումբ մը, որ երկարաժամկէտ եւ կարճաժամկէտ լուծումներ սկսած է մշակել դրամայորդումի, գործազրկութեան, բնակարանային, դրամի շրջանառութեան եւ առողջապահական մարզերը հարուածող տագնապներուն: Նորընտիր նախագահը վճռած է քաջալերել տեղական արտադրութիւնները, քաջալերել փոքր տնտեսութիւնները, յաւելեալ իրաւասութիւններ շնորհել առեւտուրի եւ անձնական նախաձեռնութիւններուն: Ռոհանիի ընտրութենէն ետք, Յունիսէն մինչեւ Օգոստոս ամիսները, ազատ շուկայի վրայ իրանեան ռէալը արձանագրած է 25 առ հարիւրի արժեւորում մը:
Տնտեսագէտները կը մնան լաւատես: Անոնց նախատեսութեամբ, իրանեան տնտեսութիւնը դրական տեղաշարժեր պիտի արձանագրէ Ռոհանիի առաջադրած բարեփոխութիւններուն լոյսին տակ: Այսուհանդերձ, գետնի վրայ, առնուազն երեք կամ չորս տարի ժամանակամիջոց անհրաժեշտ պիտի ըլլայ, շօշափելու բարեփոխութիւններուն իսկական անդրադարձը:
Իրանի տնտեսական վերականգնումը մեծապէս կախեալ է անոր միջուկային թղթածրարին վերաբերեալ Արեւմուտքի հետ բանակցութիւններու ճակատագիրէն: Ռոհանի խոստացաւ ընդունելի համաձայնութիւն մը գոյացնել Արեւմուտքին հետ:
« Միջուկային թղթածրարը պիտի լուծուի բանակցութիւններու ընդմէջէն, ոչ՝ յայտարարութիւններով: Իրանի արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի յանձնուի ատակ եւ փորձառու անձնաւորութիւններու, եւ ոչ՝ մարդոց, որոնք պատկերացում չունին իրենց խօսածին մասին..» ըսաւ Իրանի նորընտիր նախագահը: Արեւմտեան պետութիւնները կ’ակնկալեն, որ Թեհրան աւելի թափանցիկ քաղաքականութիւն մը վարէ միջուկային թղթածրարին հանդէպ:
Բարեկարգչական եւ դիւանագիտական կարողութիւններով օժտուած Հասան Ռոհանի կը ներկայանայ չափաւորականներու ներկայացուցիչը: Անոր ընտրութիւնը յոյսի նոր ալիք մը բարձրացուցած է Իրանի եւ Արեւմուտքին մէջ: Իրան կ’ուղղուի աւելի գործնապաշտ քաղաքականութեան, անշուշտ եթէ Արեւմուտքը գնահատէ անոր նախագահին ճիգերը:
Համընդհանուր լաւատեսութիւն մը տիրէ Հասան Ռոհանիի ընտրութեան առնչութեամբ: Իրանի նոր նախագահին հանդէպ Ուաշինկթընի կեցուածքը ճակատագրական պիտի ըլլայ այս պարագային: Միացեալ Նահանգներ որքա՞ն ժամանակ պիտի հանդուրժէ Իրանի նոր նախագահը՝ բարեկարգութիւնները իրագործելու համար: Այսուհանդերձ, Ուաշինկթընի դրական արձագանգեց երդմնակալութեան ընթացքին Ռոհանիի արտայայտած կեցուածքներուն: Վստահաբար դիւրին պիտի չըլլայ երկխօսութեան ճանապարհը, սակայն բաւարար է, որ կողմերը ցուցաբերեն համաձայնութեան հասնելու վճռակամութիւն:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ