ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան ռուսական լրատուամիջոցներու տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերող զանազան հարցերու։
Ան նշեց, որ Ղարաբաղի մէջ անարդար խաղաղութիւնը պիտի յանգեցնէ նոր պատերազմի՝ դիտել տալով, որ եղած պատերազմը ոչ թէ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի, այլ Հայաստանի իշխանութիւններուն ձախողութիւնն էր: Ըստ անոր՝ լուրջ հիմքեր կան ենթադրելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմին պարտութիւնը ծրագրուած էր Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ: «Ինչպէս պատերազմի ընթացքում, այնպէս էլ, առաւել եւս, պատերազմից յետոյ, շատ լուրջ կասկածներ յայտնուեցին իշխանութիւնների եւ անձամբ վարչապետի գործողութիւնների վերաբերեալ: Կասկածներ յայտնուեցին իմ, երկու գեներալ-գնդապետի, երրորդ նախագահի եւ մարդկանց այլ խմբերի մօտ», նշեց ան՝ աւելցնելով. «Հիմա Մինսկի խումբն անհրաժեշտ է: Ռուսաստանը նոյնպէս դրա կարիքն ունի: Ի՞նչ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ Ղարաբաղի կարգավիճակի շուրջ բանակցային գործընթացը, դժուար է ասել: Բայց համաշխարհային փորձը ցոյց է տալիս, որ անարդար խաղաղութիւնը չի կարող երկար տեւել»:
Ան անհրաժեշտ նկատեց գտնել քաղաքական լուծում: Եւ եթէ Ատրպէյճանի մէջ սկսին համարել, որ իրենք լուծած են Ղարաբաղի հարցը, այդ կը նշանակէ հակառակը՝ հակառակ այսօրուան դրութեամբ ունեցած լաւագոյն դիրքերուն։
Հայաստանի երկրորդ նախագահը համաձայն չէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ունին հասարակական լուրջ աջակցութիւն: Խօսելով 1 Մարտին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ իշխանութիւններուն սատարելու համար հաւաքուած մարդոց թիւին մասին՝ Քոչարեան նշեց, որ իշխանութիւնները երեք օր հաւաքած են մարդիկ՝ օգտագործելով վարչական բոլոր կարողականութիւնը: «Եւ նրանք հազիւ հաւաքել են 20 հազար մարդու, ինչը չի վկայում ինչ-որ հզօր աջակցութեան մասին: Շատ մարդիկ անտարբերութեան եւ բոլորի նկատմամբ անվստահութեան վիճակում են», շեշտեց ան՝ աւելցնելով. «Բայց սրանք բացարձակապէս գործող կառավարութեան կողմնակիցներ չեն: Համաձայն եմ՝ նախկին իշխանութիւնների նոյնպէս»։
Ըստ Քոչարեանի՝ վարչապետը այսօր բարձրագոյն հակավարկանիշը ունի: Ոչ մէկ քաղաքական կուսակցութիւն չունի այնպիսի հակավարկանիշ, ինչ որ ունի ներկայի իշխանութիւնը: «Մենք յետ-խորհրդային երկրի համար ունենք եզակի իրավիճակ. կայ պատասխանատու ընդդիմութիւն եւ անպատասխանատու կառավարութիւն», նշեց ան: Քոչարեան առաջարկեց նայիլ՝ քանի հոգի չի սատարեր իշխանութիւններուն, եւ ոչ թէ հակառակը։ Ան յայտնեց, որ համակիրներուն կոչ ուղղած է՝ մասնակցելու ընդդիմութեան հաւաքներուն։
Նախկին նախագահը յայտարարեց, որ չի պատրաստուիր ստեղծել իր սեփական կուսակցութիւնը: «Ես չեմ ընկալւում որպէս կուսակցութեան առաջնորդ: Հաւանաբար, ես քաղաքական կուսակցութիւն չեմ ստեղծի, թէեւ չեմ բացառում այդ տարբերակը: Հաւանաբար, կը լինեն քաղաքական կուսակցութիւններ, որոնք կը համագործակցեն ինձ հետ հնարաւոր ընտրութիւններում», ըսաւ ան։
Անդրադառնալով Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան՝ կառավարութեան հրաժարականի պահանջին, ան հաստատեց, որ ասիկա աղաղակ է այն մասին, որ իշխանութիւնները կը խոչընդոտեն բանակի հզօրացումը եւ վերականգնումը։
Ըստ անոր՝ «Իսկանտեր»ի մասին աղմկայարոյց պատմութենէն ետք վարչապետը պէտք է ներողութիւն խնդրէր գլխաւոր շտաբէն եւ անձամբ զօր. Տիրան Խաչատրեանէն, բայց ան հակառակը ըրաւ եւ պաշտօնէ արձակեց Խաչատրեանը։
«Երեք տարի շարունակ բանակի ու գեներալների վրայ յարձակումները պարբերաբար, անընդմէջ կրկնւում են: Դա պատերազմում կրած պարտութեան պատճառներից մէկն է: Կառավարութիւնը պէտք է լինի կանխատեսելի եւ հասկանալի», շեշտեց Քոչարեան:
Ըստ անոր՝ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնանկ ընելու պարագային, Արմէն Սարգսեանի համար երեք տարբերակ կը նախատեսէ, բայց նախագահը պէտք է որոշէ, որ ինք «կո՞ղմ» է, թէ «դէմ»:
Ան նաեւ յայտնեց, որ չի քննարկեր «Հայրենիքի փրկութեան շարժման» ձեւաչափի վերանայման հարցը՝ դիտել տալով, որ ինք իսկապէս կ՛աջակցի շարժման, որովհետեւ անիկա կրցաւ իր շուրջ համախմբել հասարակութեան զգալի մասը:
Քոչարեանի կառծիքով` շարժման ներկայի առաջնորդ Վազգէն Մանուկեան արժանի եւ փորձառու քաղաքական գործիչ է: Ան յիշեցուց, որ շարժման նպատակը նախ կառավարութեան հրաժարականին հասնիլն է, ապա՝ մէկ տարի ետք, արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելը: Մանուկեան այդ ընտրութիւններուն պիտի չմասնակցի։ Ըստ Քոչարեանի՝ այս առումով Հայաստանի մէջ պիտի ըլլան քաղաքական բազմաթիւ գործիչներ, որոնք պատրաստ պիտի ըլլան իրենց վրայ վերցնելու այդքան լուրջ պատասխանատուութիւն: