Նուարդ Մատոյեան – Տարաքճեան
Գրողին մեծութիւնը կարելի է բնորոշել, թէ որքանով կրցած է արձագանգել իր ժամանակի հրատապ հարցերուն: Որքանով անդրադարձած է հասարակութեան մէջ տիրող իրադարձութիւններուն, իր շինիչ դիտարկումներով:
Հայ գրականութիւնը հարուստ է հանճարեղ գրողներով, վառու բազմազան անհատականութիւններով:Այդ գրողներուն շարքին է տաղանդաւոր արձակագիր, հրապարակագիր՝ Ռոպէր Հատտէճեան:
Իր գրական ընդարձակ, լայնածաւալ վաստակով, իր գեղարուեստական,վերլուծական ու իմաստասիրական գործերով, կը կանգնի հայգրականութեան պատուանդանին վրայ: Յատկապէս յիշատակելի են «Յուշատետր» խորագրին տակ, ազգային եւ ընկերային հարցեր արծարծող, հաճելի ոճով ու կուռ կառուցուածքով իր գրութիւնները, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին հայ հասարակութեան մօտ:
Խոհուն հրապարակագիրի իր տեսանկիւնէն ելլով, գրողը կ՜անդրադառնայ հասարակութեան կարեւոր հարցերուն, որոնք ունին փիլիսոփայական խոր բովանդակութիւն:
Իր հեղինակած «Յակոբ Պարոնեան Վերադարձաւ» գիրքին մէջ, ան կ՜արծարծէ հասարակական խնդիրներ, բացայայտելով ներկայ ժամանակներու մեր ազգային կեանքի թերութիւնները, դիտուած զգաստ եւ առողջ ազգասիրութեան դիրքերէն:
Գիրքը մեր արձակի վերջին տարիներու յիշարժան գործերէն մէկն է, գրողին բնատուր տաղանդին դրսեւորու.մն է, իր գրական արժանիքներով: Հոն կը տեսնենք հրապարակագիրի անաչառօրէն հայ կեանքի վատն ու թերին ձաղկելու ազնիւ համարձակութիւնը, որ ի յայտ կուգայ հաճելի երգիծանքի մը ընդմէջէն, դիպուկ ակնարկներով խորիմաստ պատգամներ փոխանցելու:
Ռոպէր Հատտէճեանի գործերուն մէջ, հայ կեանքի կենդանի ընթացքն է, շարունակուող ապրող հատուածի նկարագրութիւնն է, իր զանազան բազմատեսակ ծալքերով ու խորքերով:
Ուշագրաւ է հասարակական կեանքի արտացոլման ճշմարտացի պատկերներ, որ առաւել կամ նուազ չափով ընդհանուր պատկերն է Սփիւռքի մեր գաղութներուն, ուր հասարակութեան ախտերը կը մնան անդարմանելի:
Այսօրուայ կեանքն է, ոչ թէ անցեալն է, այլ ներկան, որ անհամեմատ աւելի դժուար է հասկնալ ու նկարագրել: Հայ կեանքն է, որ կը նկարագրէ խորհող մարդու աչքով, կապուած գրողի հարուստ կենսափորձի հետ: Կենդանի կեանքն ու իրականութեան բազմազանութիւնը չեն դիմանար պայմանականութեան:
Յանդուգն հրապարակագիրն է, որ կրնայ նկարագրել ճշմարիտ իրականութիւնը, չի վարանիր իր քննադատական պարսաւանքը ուղղելու ապականած տիրող իրականութեան, խաթարուած բարոյական սկզբունքներուն:
Գրողին արծարծած հարցերը կը միտին մշակելու բարոյական նոր սկզբունքներ: Իւրահատուկ է, Հատտէճեանի անցած բուռն ու հարուստ գրական ճանապարհը, իր ստեղծագործութեան ինքնուրոյն ուղին:
Իր անպաճոյճ ու հաճելի ոճով գրութիւնները սէր եւ հետաքրքրութիւն արթնցուցած են ընթերցողին մօտ: Իր գրութիւնները շարունակաբար ընթերցուեցան ու տարածուեցան:
Ահա թէ ինչու յարգանքի հրաւիրող շեշտ մը կայ, երկար տարիներու վրայ երկարող հայ մամուլի յարատեւութեան նպաստող իր ջանքերուն եւ ցուցաբերած անսակարկ նուիրումին նկատմամբ:
Այս առումով՝ հայ մամուլի պատմութեան տարեգրութեան մէջ « Մարմարա»-ն իր անհերքելի կնիքը դրաւ որպէս առաջնորդող օրկան:
«Յուշատետր»ի հեղինակին մօտէն ճանչնալու առիթ ունեցած ենք տարիներ առաջ, Հալէպ իր այցելութեան ժամանակ , ՀԲԸՄ-ի յարկէն ներս հանդիպումի մը ընթացքին:
Ան հետաքրքրութեամբ կը ծանօթանար Միութեան տարած աշխատանքին: Իր հիացումը չէր թաքցներ, տեսնելով հայաբոյր մթնոլորտին մէջ հնչող Մեսրոպաշունչ հայերէնը:
Ակնյայտ էր հայ գրողին սէրն ու գուրգուրանքը մեր ազգային արժէքներուն նկատմամբ: Հայ գիր ու գրականութիւնը գնահատող ու խրախուսող գրականագէտն էր Ռոպէր Հատտէճեան:
Այն ինչ նկատելի էր, երբ հետաքրքրութեամբ կը թղթատէր Միութեան «Հայեացք» պարբերաաթերթը, որուն խմբագրական աշխատանքը կը կատարէի ինքնամոռաց նուիրումով, օրկանին շուրջ համախմբելով ծանօթ մտաւորականներ, գրիչ շարժող խոստմնալից երիտասարդներ:
Այդ մասին ան կ՜անդրադառնայ այսպէս՝
Ազն. ՏԻԿ. Նուարդ Տարագճեան,
Մեծ հաճոյքով կարդացի, «Յակոբ Պարոնեան Վերադարձաւ »ի մասին ձեր գրախօսականը: Գոհ պիտի ըլլամ եթէ ան հրատարակուի, «Հայեացք»ի մէջ:
«Հայեացք» ի ձեր կողմէ ինծի նուիրուած օրինակները շատ ճաշակաւոր ու խնամեալ են եւ ես շատ ուրախ եմ որ Հալէպի մէջ գրական նմանօրինակ աշխատանք մը առաջ կը տարուի: Շատ տպաւորուած եմ ձեր մօտ տրուած մեր այցելութենէն:
Ռ. Հատտէճեան
Ռոպէր Հատտէճեան, մեր մտաւորականութեան ինքնատիպ եւ անկրկնելի դէմքերէն մէկը, կը պատկանի մեր մտաւորականներուն այն փաղանգին՝ որոնք ազգային դիմագիծ տուին հայկական գաղութներուն:
Կրկնապէս յարգելի են, եւ մեր խորին ակնածանքին ու հիացումին են արժանի, բոլոր անոնք, որոնք իրենց կարողութիւնները ի սպաս դրին հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթի պայծառացման:
Անոնք, որոնք իրենց մէջ կրեցին պատմութիւն կերտողի պատասխանատուութիւնը: Եւ այդ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւնը: Բնութագրելով Ռոպէր Հատտէճեանի վաստակը, իր գործերուն մէջ նկատելի է հրապարակագիրի եւ հմուտ գրականագէտի հանդիպումը:
Աւելի ցայտուն կարելի է ընդգծել՝ թէ ան իր գեղարուեստական մտածողութեան անջնջելի դրոշմը դրաւ հայ գրականութեան եւ հայոց լեզուի վրայ:
Արեւշատ տարիներ բազմավաստակ խոհուն գրականագէտին: