ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 12 Յուլիսէն ի վեր, արժանթինահայ արուեստագէտ Գագիկ Վարդանեանի ստեղծագործութիւններու ցուցադրութիւն մը տեղի կ՛ունենայ «Ռոսլին» արուեստի ցուցադրասրահին մէջ (415 E. Broadway, Glendale CA 91205):
«Ռիզոմա. միտքի պատկերներ» խորագրուած ցուցահանդէսին փակումը տեղի պիտի ունենայ 31 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին սկսելիք յատուկ յայտագիրով մը, որուն ընթացքին արուեստագէտին եւ բեմադրիչ Վահէ Խաչատրեանի միջեւ հանրային զրոյց մը տեղի պիտի ունենայ (հայերէնով), Վարդանեանի արուեստին, կեանքին եւ բանաստեղծութեան մասին։
Գագիկ Վարդանեան ծնած է Հայաստան եւ շրջանաւարտ է Հայկական արուեստներու ազգային ակադեմիայէն։ Ան ընտանիքիով Արժանթին հաստատուած է 1999-ին, իսկ այս տարի՝ Կլենտէյլ։ Անոր գործերը ցուցադրուած են Հայաստանի, Գերմանիոյ, Ռուսիոյ, Արժանթինի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ան նաեւ հեղինակն է շարք մը որմնանկարներու՝ Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Պրազիլի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող եկեղեցիներու եւ յուշակթողներուն մէջ։
Ձեռնարկին մուտքը ազատ է. տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել՝ (818) 241-0611 թիւին, կամ՝ [email protected] հասցէին: