ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեան եւ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան այցելեցին Մայր Աթոռ՝ հանդիպելու Գարեգին Բ. վեհափառին հետ, նախորդ օրը Գնդեվանքի մերձակայքը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին դէմ դուրս եկած անհատներուն ֆիզիքական ոտնձգութեան արտասովոր ու դատապարտելի արարքին առիթով:
«Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ վերջին շրջանի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ իրավիճակը», յայտնեց Ռուբէն Մելիքեան:
Յայտնենք, որ 14 Յուլիսի երեկոյեան, Վայոց Ձորի մարզին մէջ, «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» շարժումի անդամները շրջափակեցին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի ինքնաշարժը, Գնդեվանք (Վայոց Ձորի թեմ) ուխտի մեկնած պահուն: Նախաձեռնութեան անդամները արգիլեցին վեհափառին յառաջանալ: Գնդեվանքէն վերադարձի ճամբան փակ էր ինքնաշարժներով եւ քարերով եւ նախաձեռնութեան անդամները սպառալիքներ կը հնչեցնէին: