Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական վարչական ժողովի նորանշանակ անդամ, ձեռներէց եւ բարերար՝ մոսկուաբնակ Ռուբէն Վարդանեան ներկայ գտնուեցաւ Միութեան 110ամեակին նուիրուած միջոցառումին, ուր փոխանցեց իր խօսքը։
Արդարեւ, Կիրակի, Մայիս 1ին, Լոս Անճելըսի «The Reef» մշակութա-առեւտրական կեդրոնին մէջ, հարիւրաւոր հայրենակիցներ եւ միութենականներ վայելեցին արուեստի գործերու բարձրորակ հաւաքածոյ մը, ուր յատուկ բաժին մըն ալ յատկացուած էր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան պատմութեան եւ ներկայի յաջողութիւններուն: Ձեռարուեստի եւ նկարչական գործերով իրենց մասնակցութիւնը բերած էին աւելի քան երեսնեակ մը հայ արուեստագէտներ, ՀԲԸՄի զոյգ վարժարաններուն կողքին՝ Հայ Քոյրերու եւ Մերտինեան վարժարաններու աշակերտներ, ինչպէս նաեւ՝ «Աթանեան» արուեստի կեդրոնը:
Ներկաները ըմբոշխնելէ ետք ցուցահանդէսը, ժամը 6էն 7 երաժշտական վայելքի ժամ մը ապրեցան՝ շնորհիւ ինը արուեստագէտներու, դաշնամուրի, ջութակի, չելլոյի կատարումներուվ եւ մեներգով:
Ապա, ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ իրաւաբան Թալին Եագուպեան իր բացման խօսքով շնորհաւորեց Միութեան 110ամեակը, անդրադարձաւ Բարեգործական Միութեան անցեալին ու ներկային, կարեւոր համարեց երիտասարդութեան դերը՝ «որոնց պիտի սորվեցնենք եւ իրենցմէ՛ ալ սորվինք» ըսելով:
Ատենապետ Եագուպեան ապա հրաւիրեց ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ Ռուբէն Վարդանեանը, որուն հետ ունեցաւ շահեկան զրոյց մը: Ան մասնաւորապէս շեշտեց հետեւեալ կէտերը.
Վերջին տարիներուն, սփիւռքահայերու Հայաստան մուտքը եւ Հայաստանէն արտագաղթը մեզ առաւել մօտեցուցած է իրարու: Սփիւռքէն Հայաստան դրամ ուղարկելը պէտք է վերաճի կազմակերպուած ծրագիրներու, որպէսզի հայրենի հողին վրայ կառչած մնայ տեղի ժողովուրդը: Հայը՝ Ցեղասպանութենէն վերապրողի, զոհի հոգեբանութենէն պէտք է դուրս գայ եւ յաղթողի՛ վիճակ ընդունի: Դրական օրինակներով, Հայաստանի մէջ զարկ պէտք է տրուի գիտական, մշակութային, ա-ռեւտրական ձեռներէց ծրագիրներու, ինչպէս՝ Տաթեւի Թեւերը, ԹՈՒՄՕն, «Այբ» կրթական հաստատութիւնը: Արցախը պէտք է զօրաւո՛ր պահենք, որպէսզի կարենանք զօրաւոր պահել նաեւ Հայաստանը:
Աւարտին, ՀԲԸՄի Լոս Անճելըսի եւ Փասատինայի վարչութիւններու ատենապետներ Հրակ Օհաննէսեան եւ Հրանդ Վարձպետեան յուշանուէրներ ստացան՝ ձեռամբ ՀԲԸՄի փոխնախագահ Սինան Սինանեանի, իրենց կատարած կամաւոր աշխատանքին իբրեւ վարձատրութիւն: