Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի պիտի պատասխանէ պետութեան տնտեսական հարցերուն վերաբերող խորհրդարանի երեսփոխաններուն հարցումներուն: Իրանեան «Իրնա» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին նշուած է Ռուհանիի ուղերձին մէջ, որ ուղարկուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիին:
«Նախագահին հարցումներ ուղղելու համար անհրաժեշտ է պահպանել առնուազն երկու կէտ: Նախ անիկա պէտք է ըլլայ սահմանադրութեան ծիրին մէջ, երկրորդ՝ այդ պահանջը պէտք է ուղարկուի յարմար ժամանակին», կը գրէ Ռուհանի իր նամակին մէջ՝ նշելով, որ այդ պահանջներէն ոչ մէկը կատարուած է:
«Իշխանութեան թեւերուն միջեւ տարակարծութիւններէն խուսափելու եւ Իսլամական խորհրդակցական խորհուրդին նկատմամբ յարգանք դրսեւորելու համար, ես յարմար ժամանակին պիտի երթամ խորհրդարան եւ պիտի պատասխանեմ հարցումներուն», կ՛ըսէ նախագահը:
Իրանեան «Մեհր» լրատուական գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ Իրանի խորհրդարանը Ռուհանիին մէկ ամսուան պայմանաժամ տուած է տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարման նպատակով ձեռնարկուող միջոցներու վերաբերեալ հաշուետուութիւն ներկայացնելու համար:
Խորհրդարանի նախագահ Լարիժանի յայտնեեց, որ «խորհրդարանի 80 երեսփոխաններ պնդած են, որ այդ պահանջը ուղարկուի նախագահին»՝ ընդգծելով. «Այդպիսի ընթացակարգ նախատեսուած է սահմանադրութեան 88րդ յօդուածով»:
Երեսփոխանները նախագահէն կը պահանջեն բացատրել ապրանքներու գիներու եւ դրամանիշի փոխարժէքի տագնապի լուծման քաղաքականութիւնը, ներկայացնել գործազրկութեան կրճատման եւ տնտեսական ընկրկումի կանխարգիլման քայլերը: