Ռումանիոյ խորհրդարանին մէջ ազգութեամբ հայ պատգամաւորներ Վարուժան Ոսկանեան, Վարուժան Փամբուկչեան ու Լուչիան Սիմոն 31 տարի առաջ Սումգայիթի մէջ հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած սպանդի վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածած են: Այս մասին կը յայտնէ Ռումանիոյ Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի դեսպանութեան «ֆէյսպուք»-ի պաշտօնական էջը:
«31 տարի անցած է ողբերգական իրադարձութիւններէն, որոնք տեղի ունեցան Խորհրդային Ատրպէյճանի մէջ, ուր շուրջ կէս միլիոն հայ կ՛ապրէր: Հայկական բնակչութեան նկատմամբ ջարդը իրականացուեցաւ երեք խոշոր քաղաքներու` Սումգայիթի, Կիրովապատի եւ մայրաքաղաք Պաքուի մէջ»,-նշած են անոնք` յիշեցնելով, որ 70 տարի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան բռնակցուած ըլլալէն ետք Արցախի ժողովուրդը որոշած էր խաղաղ ու օրինական ճանապարհով արտայայտել իր ազատ ապրելու ու ինքնորոշման կամքը:
«Կարեւոր է, որ այս պահուն միջազգային հանրութիւնը հասկնայ Սումգայիթի մէջ տեղի ունեցածին իսկութիւնը, որպէսզի յանգի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, քանի որ հակահայկական քարոզչութիւնը կը շարունակուի նաեւ այսօր: Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը, ինչպէս առաջ, պարբերաբար կը խախտէ հրադադարը եւ պատերազմական գործողութիւններու վերսկսման վտանգներ առաջ կը բերէ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ: