Ռուսիան Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու հետ միատեղ կ՛աշխատի ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման բանակցային հոլովոյթը շուտափոյթ վերսկսելու ուղղութեամբ: Այս մասին ռուսական «Թրուտ» կայքին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լաւրով նշած է, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պետական սահմանին վրայ յուլիսին արձանագրուած մագլցումը 1994 թուականի զինադուլի մասին համաձայնագիրի երկրորդ լուրջ խախտումն էր:
«Ելակէտային դրդապատճառ է նաեւ աշխարհագրական գործօնը. հայկական կողմի որոշումը` վերականգնելու սահմանային հին անցակէտերէն մէկը, որ ազրպէյճանական ուժանիւթ արտածող խողովակաշարէն 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է, մէկուն մօտ զգալի մտահոգութիւն յառաջացուցած է, միւսներուն մօտ` չհիմնաւորուած պատասխան արձագանգ եւ, իբրեւ հետեւանք, տագնապի թէժացման «կայծը» բռնկեցաւ` հաւանական բոլոր անկանխատեսելի հետեւանքներուն սպառնալիքով», ըսած է Լաւրով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ շեշտած է, թէ ռուսական կողմը առաջին իսկ օրէն աշխուժօրէն աշխատած է իրավիճակը կայունացնելու ուղղութեամբ, որուն շնորհիւ նաեւ 16 յուլիսէն ի վեր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ յարաբերական անդորր է: