Պիելոռուսիոյ մէջ սկսած են ռուս-պիելոռուսական «Միութենական վճռականութիւն-2022» ռազմափորձերը: Այս մասին հաղորդեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ռազմափորձերը կը կատարուին պաշտպանական գործողութեան ընթացքին արտաքին ներխուժումը ճնշելու եւ ետ մղելու, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դիմակայելու եւ Միութենական պետութեան շահերը պաշտպանելու խնդիրները մշակելու նպատակով:
Մինչեւ 20 փետրուար երկարող ռազմափորձերուն կը մասնակցին ռուսական Արեւելեան զինուորական շրջանի եւ Պիելոռուսիոյ Հանրապետութեան զինեալ ուժերու պետական կառոյցները, ստորաբաժանումներն ու զօրամասերը:
Տարբեր ռազմափորձերու մէջ մարտական համակարգման ծիրին մէջ զօրքերը մշակած են պաշտպանութիւն կատարելու եւ անօրինական զինեալ խմբաւորումներու դէմ պայքարի հարցեր:
Ռուսիան նաեւ ռազմափորձեր կը կատարէ երկրի հարաւը` Հարաւային զինուորական շրջանին կողմէ:
Երէկ Սեւ ծովուն մէջ ընթացք առաւ նաեւ Ռուսիոյ ծովուժին ռազմափորձը: