Սեպտեմբերի սկիզբը Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Ղազախստանի նաւերը միացեալ ռազմափորձեր պիտի կատարեն «Ծովու բաժակ» մրցումի աւարտէն ետքԿասպից ծովուն մէջ : Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»ի սոյն յայտարարութիւնը կատարած է Ռուսիոյ Կասպից նաւատորմիղի հրամանատարի տեղակալ Սերկէյ Եքիմովը:
«Ծովու բաժակ» մրցումի աւարտէն անմիջապէս ետք մենք պիտի կատարենք միացեալ վարժանքներ, որուն պիտի մասնակցին Ռուսիոյ, Իրանի, Ղազախստանի եւ Ազրպէյճանի մարտանաւերը: Քանի մը օր մենք այստեղ` Կասպից ծովուն մէջ միացեալ գործողութիւններ պիտի մշակենք», ըսաւ Եքիմով: