Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ տուեալներ ունի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Սուրիայէն վարձկաններու ներգրաւուածութեան:
Թուրքիան Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններէն Ազրպէյճան փոխադրած է վարձկաններ՝ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ օգտագործելու նպատակով: Խօսքը 3000-4000 վարձկաններու կը վերաբերի, որոնք Արցախի եւ Հայաստանի դէմ ընթացող պատերազմին մասնակցելու համար ստացած են 1500-2000 ամերիկեան տոլար: