ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ըստ «Ռաշա Թուտէյ»ի՝ Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով 7 Նոյեմբերին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եռակողմ հանդիպումը կը նախապատրաստուի յաջորդ շաբաթ՝ տեսաժողովի ձեւաչափով:
8 Նոյեմբերին ան դիտել տուաւ, որ, թէեւ նման հանդիպումի մը մասին կը խօսուի, սակայն թուականի գծով տակաւին յստակ ոչինչ կայ: «Պարզաբանեմ Փութինի, Փաշինեանի եւ Ալիեւի հանդիպման թեման՝ տեսաժողովի միջոցով: Մենք, իրօք, հաստատեցինք, որ աշխատանքներ կը տարուին նման հանդիպման նախապատրաստութեան ուղղութեամբ, բայց կ՛ուզեմ յայտնել, որ առայժմ չկան յստակ պայմանաւորուածութիւններ եւ փոխըմբռնումներ այն մասին, թէ ե՛րբ նման ժողով մը կրնայ գումարուիլ: Այդ աշխատանքը կը շարունակուի», նշեց Փեսքով:
Նախապէս «Ռոսիա-1» պատկերասփիւռի կայանը յայտնած էր, որ յաջորդ շաբաթ (այս շաբթուան ակնարկելով-Խմբ.) բացառուած չեն Փութինի, Ալիեւի եւ Փաշինեանի մասնակցութեամբ նախաձեռնութիւնները, որոնք կը համընկնին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմը դադրեցուցած եռակողմ փաստաթուղթի ստորագրութեան առաջին ամեակին:
Ժամեր ետք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ այս պահուն 9 Նոյեմբերին հանդիպելու որեւէ պայմանաւորուածութիւն չկայ:
7 Նոյեմբերին Հայաստանի պատկերասփիւռի հանրային կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Փաշինեան, պաստախանելով այն հարցումին, թէ Էրտողան յայտարարեց, որ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ քննարկում տեղի ունեցած է՝ ըսաւ. «Ադրբեջանի հետ ուղիղ շփումների մասին հանրութիւնը տեղեակ է, մնացածը ուղերձների փոխանակման շփումներ են, որոնք տեղի են ունենում տարբեր խողովակներով։ Ո՛չ, ի հարկէ, չի եղել, թերեւս, ինչի մասին կարող է լինել խօսքը: Այս ընթացքում, գիտէք, որ դիւանագիտական առաքելութիւններ ենք ընդունում, նաեւ տեղի են ունեցել յայտնի շփումներ Հայաստանի ու Ադրբեջանի պաշտօնեաների միջեւ»: