ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Խալաֆ Խալաֆովի հետ ունեցաւ հեռաձայնային զրոյց մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու Արցախի հարցով եռակողմ յայտարարութեան իրականացումը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը գրէ հետեւեալը. «Կարծիքներու փոխանակման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմ եւ շրջանային օրակարգին վերաբերող հարցեր, ներառեալ՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն՝ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եւ 11 Յունուար 2021-ի համաձայնութիւններու իրականացումը»: