ԵՐԵՒԱՆ. «Սփութնիք Արմէնիա».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Վլատիմիր Թիթով եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի Հարաւային Կովկասի հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Անիքա Սետեր քննարկեցին Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը, կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Կողմերը միտքեր փոխանակեցին Անդրկովկասի շրջանային կացութեան, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցերուն շուրջ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: