ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարի տեղակալ Անտրէյ Ռուտենքօ հանդիպում ունեցան Ռուսիոյ մօտ Իրանի դեսպան Քազեմ Ճալալիի հետ, կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան շրջանային օրակարգի այժմէական հարցերու, որոնց կարգին` Արցախի հարցի եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի կացութեան շուրջ:
Նոյն հարցը քննարկումի նիւթ դարձաւ նաեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին։