ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մոսկուա իր բոլոր ջանքերը ի գործ կը դնէ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հասնելու համար, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա՝ պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, որ կը վերաբերէր հայ-ատրպէյճանական սահմանին եւ շփման գիծին վրայ լարուածութեան աճին:
«Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք, որ տարածաշրջանին հակամարտութիւնը, որ այսքան երկար ժամանակէ ի վեր կը շարունակուի, կարգաւորուի», ըսաւ Զախարովա: