ՄՈՍԿՈՒԱ.- Մոսկուա լրջագոյն մարտահրաւէր կը նկատէ Անդրկովկասի «ռազմական իւրացման» ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի քայլերը:
Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, ատրպէյճանական «Օ.Էն.Էյ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:
«Այսօր, հոս, ամբողջութեամբ կը դրսեւորուի ԱՊՀ-ի տարածքը իրենց ուզած ձեւով դասաւորելու արտաշրջանային յայտնի ուժերու բացայայտ նկրտումը: Ռուսիոյ համար լրջագոյն ռազմաքաղաքական մարտահրաւէր կը նկատենք Անդրկովկասի «ռազմական իւրացման» ուղղուած Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի գործողութիւնները», յայտարարեց Զախարովա։
«Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան պահպանումը, տարածաշրջանի բարգաւաճման ապահովումը, Ռուսիոյ նկատմամբ տեղւոյն երկիրներու բարեկամական վերաբերմունքին զուգահեռ, պիտի շարունակեն մնալ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան կարեւորագոյն նպատակներէն», աւելցուց ան: