Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը Ստեփանակերտի հետ համատեղ կ’իրականացնէ բնակչութեան շինանիւթի բաշխումը եւ փոխանցումը:
Յառաջիկայ օրերուն առաջին տասը բազմաբնակարան շէնքեր պատրաստ պիտի ըլլան ընդունելու իրենց բնակիչները: Շինարարական նիւթեր նաեւ կը բաժնուին սեփական բնակարան ունեցող բնակիչներուն:
Բացի այդ, Ռուսիա կ’ուսումնասիրէ կրթական հաստատութիւններուն կացութիւնը: Կրթական կեանքը կրնայ վերսկսիլ յառաջիկայ օրերուն: Կրթական հաստատութիւններու վերանորոգութիւնները սկզբունքով կ’աւարտին 1 դեկտեմբերին:
Ռուսիա նաեւ կ’ուսումնասիրէ Արցախի մէջ երկաթուղային հաղորդակցութիւնը վերականգնելու կարելիութիւնները: