Ռուսիան կը շարունակէ Թուրքիոյ հետ վերջինիս կողմէ Սուրիոյ մէջ ծրագրուած զինուորական գործողութեան առնչուած բանակցութիւնները եւ յոյս ունի քաղաքական ու դիւանագիտական միջոցներով Անգարան համոզելու` հրաժարելու զայն իրականացնելու ծրագիրէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին 20 յունիսին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի եւ ափրիկեան երկիրներու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով:
«Մենք ատոր յոյսը ունինք», ըսած է ան` պատասխանելով ԹԱՍՍ-ի այն հարցումին, թէ կարելի՞ է Թուրքիան համոզել հրաժարելու Սուրիոյ մէջ ծրագրուող գործողութենէն:
«Մենք կը շարունակենք երկկողմանի հաղորդակցութիւնները թուրք գործընկերներուն հետ, մենք կը շարունակենք աշխատիլ անոնց հետ», աւելցուցած է Պոկտանով:
Նոյն օրը թրքական «Թի.Ճի.Առ.Թի.» պատկերասփիւռի կայանը յայտնած էր, որ թրքական բանակը ամբողջովին պատրաստ է Սուրիոյ մէջ անդրսահմանային գործողութեան մեկնարկին եւ զայն սկսելու հրամանի կը սպասէ:
Ինչպէս յայտնի է, Թուրքիան կը պատրաստուի հիւսիսային Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան, որուն թիրախը Անգարայի կողմէ ահաբեկչական նկատուող քրտական ուժերն են: