ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թասս»․- Ռուսիա յոյս ունի, որ Արցախի մէջ լարուածութիւնը կը կարգաւորուի Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն ստորագրած եռակողմ յայտարարութեան հիման վրայ, յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ, որ պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ատրպէյճանական զօրքերը պիտի վերադառնա՞ն իրենց նախկին դիրքերը, ըսաւ, որ այդ հարցումը պէտք է ուղղել Պաքուին: «Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր յայտարարութիւնը կատարած է` մտահոգութիւն յայտնելով ղարաբաղեան գօտիին մէջ լարուածութեան աճին վերաբերեալ», ըսաւ ան: