ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծի ամբողջ երկայնքով հրադադարի դրութիւնը պիտի պահպանուի։ Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ ըստ որուն, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը շարունակէ առաջադրանքներ իրականացնել տարածքին մէջ։ Դիտարկման քսանեօթը կէտերուն մէջ ռուս խաղաղապահները շուրջօրեայ վերահսկողութիւն կը կատարեն իրավիճակին վերաբերեալ եւ կը վերահսկեն զինադադարի դրութեան պահպանման:
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, հնարաւոր միջադէպեր կանխելու ջանքերը համակարգելու համար, շարունակական փոխգործակցութիւն կայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան հետ:
Նշենք, որ 6 Յուլիսին, Պաքու տեղեկութիւն տարածեց այն մասին, որ իբր թէ հայկական ստորաբաժանումները «Ատրպէյճանի տարածքէն, ուր ժամանակաւորապէս տեղակայուած են ռուս խաղաղապահները», Աղտամի ուղղութեամբ ռմբակոծած են ատրպէյճանական ստորաբաժանումները՝ պատճառելով վիրաւոր մը։