Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, արտաքին քաղաքականութեան եւ միջազգային օրակարգի արդի հարցերու շուրջ չորս ռուսական ձայնասփիւռի կայաններու հետ հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Ուքրանիոյ հարցով Արեւմուտքի հետ լարուած կացութեան, յայտարարեց , որ Ռուսիա պատերազմ չ՛ուզեր, սակայն պիտի չարտօնէ իր շահերը անտեսել:
Լաւրով յայտնեց, որ Անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ Արեւմուտքի հետ բանակցութիւնները տակաւին աւարտած չեն, «եւ ոչ ոքի պիտի արտօնենք մեր շահերը անտեսել»:
«Անվտանգութեան երաշխիքներու նախաձեռնութեան արեւմտեան պատասխանի շինիչ կէտերը նախկին ռուսական առաջարկներու վրայ հիմնուած են», ըսաւ ան:
«Եթէ հարցը Ռուսիայէն կախեալ ըլլայ, պատերազմ պիտի չսկսի, եւ այսօր պաշտօնակիցներուս ԵԱՀԿ-ի ծիրին մէջ անմասնատելի անվտանգութեան վերաբերեալ իրենց յանձնառութիւնները գործադրելու ձեւին շուրջ բացատրութիւն մը պիտի ներկայացնեմ», շեշտեց Լաւրով:
«Ռուսիան պատասխան քայլեր պիտի որդեգրէ, եթէ Արեւմուտքի հետ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան երաշխաւորման սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւն չգոյանայ», ըսաւ ան:
«Ուաշինկթընի կողմէ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատումը յարաբերութիւններու խզման համազօր է, եւ Ռուսիոյ դեսպանը Միացեալ Նահանգներէն վտարելու սպառնալիքները տգեղ են», յայտնեց ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Լաւրով Անդրադարձած Է Մարդու Իրաւունքներուն Ազգային Տեսանկիւնէն` Նշելով «Ազրպէյճանցիները Հայաստանի Մէջ Եւ Հակառակը»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով չորս ձայնասփիւռի կայաններու հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադառնալով դրացիներու, ՀԱՊԿ-ի գծով դաշնակիցներու, ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ գործընկերներու հետ յարաբերութիւններուն, ընդգծած է, որ խնդիր կայ եւ ոչ ոք զայն կը թաքցնէ:
«Եւ մեծ մասամբ այդ խնդիրը առնչուած է այն բանին, որ Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս եկած նորանկախ պետութիւնները, երկար պատմական ժամանակահատուածի ընթացքին առաջին անգամ ստացած են կարելիութիւն ստեղծելու սեփական պետութիւն` ազգային պետութիւն, ինչ որ կ՛ընդգծուի: Եւ այստեղ սեփական ազգային ինքնութիւնը կարելի եղածին չափ արագ հաստատելու ձգտումը երբեմն կ՛ուղեկցի աւելորդութիւններով: Ասիկա դժուար թէ ոեւէ մէկը հերքէ: Եւ այսպէս միշտ կ՛ըլլայ, երբ մեծ կայսրութիւնները կը քանդուին», ըսած է Լաւրով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ թէեւ այդ աւելորդութիւնները անխուսափելի են, սակայն ռուսական կողմը կ՛ուզէ ամէն ինչ ընել զանոնք կանխարգիլելու համար: Այս ծիրին մէջ ան կարեւոր նկատած է փափուկ ուժի կիրարկումը` աւելցնելով, որ ատոր համար Ռուսիան պէտք է աւելի շատ ներուժ տրամադրէ, քան ներկայիս: Լաւրովի համաձայն, թէեւ այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի, սակայն Ռուսիան փափուկ ուժի կիրարկման հարցին մէջ տակաւին կը զիջի յառաջատար արեւմտեան երկիրներուն:
Լաւրով նշած է, որ որեւէ հակասութիւն չի տեսներ դրացի երկիրներու վերնախաւերուն հետ բարեկամական, դաշնակցային եւ անձնական սերտ յարաբերութիւններու զարգացման հարցին մէջ:
«Մենք պէտք է ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ աւելի աշխուժ եւ աւելի բաց քննարկենք մարդու իրաւունքներու հարցերը, ներառեալ` մարդու իրաւունքները ազգային տեսանկիւնէն… օրինակ` ռուսերը Ղազախստանի մէջ, ղազախները Ռուսիոյ մէջ, ազրպէյճանցիները Հայաստանի մէջ եւ հակառակը, թէեւ այնտեղ այդպիսիք շատ քիչ մնացած են», ըսած է Լաւրով:
Նախարարին համաձայն, ԱՊՀ երկիրներու շահերէն կը բխի, որ բոլոր նորանկախ պետութիւններուն քաղաքացիները մնան այն երկիրներուն մէջ, ուր անոնք ծնած են, կ՛ապրին: