Ըստ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ Մոսկուան այժմ ունի նորագոյն սպառազինութեան այնպիսի տեսակներ, որոնք զգալիօրէն կը գերազանցեն արեւմտեան նոյնանման զէնքերը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարեց «Բանակ 2022» ցուցահանդէսի բացման ընթացքին:
«Բազմաթիւ պարագաներու մէջ մենք Արեւմուտքէն քանի մը տարիով կամ նոյնիսկ տասնամեակով յառաջ ենք», ըսաւ Փութին:
Ան նաեւ յայտնեց, որ Մոսկուան պատրաստ է իր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն առաջարկել ռուսական սպառազինութեան ամէնէն ժամանակակից նմուշները` «հրաձգային զէնքերէն եւ զրահապատներէն մինչեւ հրետանի, պատերազմական օդանաւերէն մինչեւ անօդաչու թռչող սարքեր»: