Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան եւ Մ. Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէու համատեղ յայտարարութիւն մը տարածեցին, դատապարտելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածութեան մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս բռնութեան մագլցումը:
Նախարարները ընդցծեցին, թէ յարձակումներուն անհամաչափութիւնը անընդունելի սպառնալիք է տարածաշրջանի կայունութեան: Անոնք անմիջական զինադադարի եւ ԵԱՀԿ- ի Մինսկի համանախագահներուն հովանաւորութեան տակ բանակցութիւններու սեղան անյապաղօրէն վերադառնալու կոչ ըրին հակամարտութեան կողմերուն: